Մուսա Լերան հերոսամարտի յիշատակման օրերուն, երբ կրկին անգամ կը վերյիշենք մեր պապերուն գոյատեւման ու վերապրումի փառահեղ պատմութիւնը, յաճախ արագ կ՛անցնինք հերոսամարտէն ետք եւ հերոսամարտին չափ կարեւոր այլ դրուագի մը վրայէն: Խօսքս կը վերաբերի 98 տարիներ առաջ, սեպտեմբեր 19-ին, հայրենի աշխարհէն հեռու, Պաղեստինեան Արարա լերան շուրջ տեղի ունեցած պատերազմին: 1916-ին, մեր օրերէն ճիշդ հարիւր տարի առաջ, Մուսա Լերան վրայ թրքական կանոնաւոր բանակներուն եւ չեթէներուն դիմադրած մուսալեռցիները դարձան ֆրանսական ուժերուն կողմէ ստեղծուած հայկական Լեգէոնականի կորիզը, իսկ երկու տարի անց ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին Միջին Արեւելքի գերմանաթրքական բանակները` Արարայի ճակատամարտին: Մուսալեռցի մարտիկներու անդամակցութիւնը Հայկական լեգէոնին պատահականութիւն չէր բնաւ, ոչ ալ` սովորական ռազմատենչութեան արտայայտութիւն կամ պատերազմի աւարէն օգտուիլ միտող վարձկանութիւն: Մուսալեռցիներուն համար հերոսամարտը չէր վերջացած Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ, չէր կրնար վերջացած ըլլալ, որովհետեւ Ա. Աշխարհամարտէն ետք, հայ ժողովուրդի մեծ մասի ոչնչացումով, թրքական բանակները վերջին հարուածով մը կ՛ուզէին աւարտին հասցնել հայութեան հաշուեհարդարը եւ երկրագունդի երեսէն մաքրել հայն ու Հայաստանը: Յանուն հայութեան վերապրումին ու գոյատեւման, յանուն հայութեան վերայարնումին, տակաւին Մուսա Լեռէն նոր վար իջած պատերազմող գիւղացիները, իրենց ետին թողելով մայր, կին, զաւակ ու քոյր, 1916-ին անդամագրուեցան դաշնակից ուժերուն կողմէ ստեղծուած հայկական լեգէոնին եւ անոնց հովանիին տակ մասնակցեցան շարք մը ճակատամարտերու, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղաւ Միջին Արեւելքի մէջ գերմանաթրքական ուժերը ծունկի բերող Արարայի կռիւը:
Ճիշդ է, որ դաշնակիցները չիրականացուցին հայութեան ակնկալութիւնները եւ Կիլիկիոյ մէջ ու Հայաստանի` հայութիւնը անգամ մը եւս լքուեցաւ խոստմնադրուժ երբեմնի զինակիցներուն կողմէ` հայութեան եւ Հայաստանի համար ամէնէն ճակատագրական օրերուն: Բայց այլ ելք չկար այդ օրերուն, մուսալեռցիները չէին կրնար այլ ճանապարհ ընտրել, չէին կրնար հերոսամարտէն ետք Փոր Սայիտի մէջ կազմուած վրանաքաղաքին մէջ խաղաղութիւն փնտռել ու բաւարարուիլ ֆրանսացիներու կամ բարեգործական միութիւններու ամպհովանիին տակ ապրելով: Մուսա Լերան կռիւներէն ետք, կրկին ընտրեցին մարտադաշտը, որովհետեւ գիտէին, որ անհրաժեշտ է ոչ միայն ճակատամարտ շահիլ, այլ դաշնակից ուժերու հետ միասին անհրաժեշտ է շահիլ պատերազմը եւ ապահովել մուսալեռցիին ու հայութեան վերապրումը:
Մուսալեռցին այդպէս եղած է միշտ: Իր սեփական մաշկը փրկելը առաջնահերթութիւն չէ համարած երբեք, այլ մտածած է համայն հայութեան համար: Եւ այդ պատճառով էր, որ Հայկական լեգէոնին կորիզը, հիմնական ուժը հանդիսացող մուսալեռցին թրքական ուժերուն դէմ պայքարեցաւ ոչ միայն Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ, այլեւ` Պաղեստինի մէջ եւ այլուր:
Ու տակաւին, պապենական հողերէն հեռանալէ եւ Այնճարի մէջ կայք հաստատելէ ետք, ու վերստին` վերապրումի ու գոյութեան այս նոր մարտահրաւէրը յաղթահարելէ ետք, մուսալեռցին դարձեալ չսահմանափակուեցաւ իր գիւղի սահմաններուն մէջ բարօր կեանք ստեղծելու եւ իր առօրեան հայութեան ընդհանրական շահերէն ու մտահոգութիւններէն անջատ կազմակերպելու աշխատանքով: Այնճարի հիմնումի օրերուն, մահասփիւռ մալարիայի եւ սովի ամէնէն դաժան դժուարութիւնները յաղթահարելէ ետք, մուսալեռցիներու զաւակները գիւղը վերածեցին հայակերտման հնոցի մը, ուրկէ դուրս եկան հայ ժողովուրդի արդար դատին զինուորագրուած բազմաթիւ հայորդիներ: Այնճարցիներուն համար Այնճարը չեղաւ միայն գիւղատնտեսական արտադրութիւններու կամ զբօսաշրջութեան կեդրոն, այլ անիկա հայապահպանման ու Հայ դատի նոր պայքարի դիրքերուն մէջ գրաւեց խրամատի առաջին գիծը, եւ այս նոր արծուեբոյնը անգամ մը եւս համասփիւռքեան մակարդակով յատուկ դերակատարութիւն ունեցաւ: Նայեցէք ձեր չորս դին եւ այնճարցիները պիտի տեսնէք հայկական պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ: Փոքրիկն Այնճարէն դուրս եկան ուսուցիչներ, տնօրէններ, ազգային-կուսակցական գործիչներ, մարտիկներ, խմբագիրներ, կազմակերպութիւններու ղեկավարներ: Անոնք` ազգի այս նուիրեալները, փոքրիկ հայաւանի այս զաւակները, տարածուեցան սփիւռքի բոլոր ոստաններուն մէջ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկաներ, մինչեւ Աւստրալիա ու Եւրոպա ու Հայաստանի անկախացումէն ետք` մինչեւ Արցախ ու հայրենի մայրաքաղաք ու տարբեր աւաններ:
Եւ զարմանալի ոչինչ կայ այս իրողութեան մէջ: Այնճարցին ի վերջոյ Մուսա Լերան ժառանգորդն է, մուսալեռցիի ոգիին պահողն ու պահպանողը, իր սեփական եսէն անդին անցնողն ու համահայկական մտահոգութիւններով ու պայքարով ապրողը: Շարունակաբար պայքարող, հայութեան ու Հայաստանի համար ապրող ու շնչող հաւաքականութիւն: Ա՛յս է մուսալեռցին: Այս ոգին է, մուսալեռցիի էութեան այս յատկանիշն է, որ հայկական իրականութեան մէջ, հայկական աշխարհասփիւռ համայնքներուն մէջ իւրայատուկ դեր ու առաքելութիւն տուած է Մուսա Լերան զաւակներուն:
Այս ոգին, մուսալեռցիի էութեան այս յատկանիշը, սակայն, որքան ալ հպարտութեան ու փառաբանութեան արժանի ըլլայ, կը կորսնցնէ իր իմաստն ու նշանակութիւնը, եթէ այսօր, իբրեւ մուսալեռցիներու ժառանգորդներ, ապրինք ինքնաբաւարարուածութեան զգացումով ու քաղքենի մեր իրականութեան մէջ հեռանանք այն դերակատարութենէն, որ մեր նախնիներուն կողմէ ժառանգ մնացած է մեզի: Գէորգ Էմին ըսած է, որ հայ ժողովուրդը սիրամարգ մըն է, որուն ամէնէն գեղեցիկ բաժինը իր ետեւն է, իր պոչը: Այսինքն հայ ժողովուրդի գեղեցկութիւնը, արժէքը, փառաւոր պատմութիւնը մնացած է իր ետին, իր անցեալին մէջ… Խորիմաստ, բայց ցաւալի այս բառերուն մէջ թաքնուած է մեր ազգին ողբերգութիւնը, մանաւանդ` հայութեան եւ Հայաստանի համար ճակատագրական այս օրերուն: Հայրենի կեանքին ներքին բարդ խնդիրները, կաղացող ժողովրդավարութիւնը, արտագաղթը, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքը մենաշնորհի վերածած խումբ մը մարդոց ապազգային ընթացքը, համատարած աղքատութիւնը, անարդարութիւնն ու չարաշահութիւնները մեր պետականութեան հիմերը խարխլող սպառնալիքներ են: Իսկ ներքին դժուարութիւններուն կողքին, արտաքին ճակատի վրայ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն թուրքեւազրպէյճանական շրջափակումներն ու քաղաքական ճնշումները: Արցախի պաշտպանութիւնն ու անոր ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորումը կը մնան հայ ժողովուրդին առջեւ դրուած կարեւորագոյն խնդիրները:
Հայրենի աշխարհէն հեռու, արցախեան ռազմադաշտերէն անդին, հայկական սփիւռքն է: Քաղքենիացումն ու ուծացումը օրէ օր թափ կը հաւաքեն սփիւռքի մէջ եւ մեզ կը հեռացնեն մեր էութենէն, մեր հիմնական նպատակէն` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանէն: Ճիշդ է, կազմակերպ կեանք ունի սփիւռքը, իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, ազգային կառոյցներով, քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններով: Բայց ի՞նչ է սփիւռքին նապատակը, կազմակերպուիլ յանուն ինչի՞, մեր ո՞ր նպատակին համար: Սփիւռքի կազմակերպական կեանքը գերմարդկային ուժերով պահելը ինքնանպատա՞կ է արդեօք, թէ կուզենք կազմակերպուիլ համահայկական գերագոյն խնդրի մը լուծման ի խնդիր:
Այս հարցերը այսօր դրուած են մեր առջեւ ու դրուած են սուր կերպով, մանաւանդ` հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի համար բախտորոշ այս օրերուն: Մենք, իբրեւ մուսալեռցիներ, հայ ժողովուրդի բոլոր խնդիրներուն դեղն ու լուծումը չունինք, հայ ժողովուրդի բոլոր վէրքերուն դարմանը չունինք: Բայց մենք ունինք պատմութիւն կերտելու մեր սեփական եւ իսկապէս իւրայատուկ փորաձառութիւնը: Մենք ունինք օրինակելի անցեալ, որ երբեք պէտք չէ դարձնենք սիրամարգի պոչի, պէտք չէ զայն վերածենք թանգարանային ցուցադրութեան մնացած պատմութեան:
Այսօր, Այնճարէն մինչեւ այնճարցիներու հաւաքավայր դարձած սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօճախները, մեր առջեւ դրուած է երկու ընտրանք` կա՛մ քալել առօրեային պարտադրած քաղքենիացման եւ ուծացման հսկայ ալիքին հետ, կա՛մ կերտել սեփական պատմութիւնը եւ դառնալ օրինակելի բոլորին: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ա. Աշխարհամարտի օրերուն մեր առջեւ դրուած էր երկու ընտրութիւն` կա՛մ մեծամասնութեան նման բռնել գաղթի ճամբան, կա՛մ ալ կերտել սեփական ճակատագիրը եւ զէնք վերցնելով` բարձրանալ Մուսա Լեռ: Ո՞ր ուղղութեամբ կ՛ուզենք երթալ: Հայութիւնը այսօր փոքրիկ հայաստաններ ստեղծած աշխարհի չորս դին, իսկ Մայր Հայաստանը կը դատարկուի հայութենէ: Կարելի է շարունակել այսպէս, ստեղծել «Լիթըլ Արմինիա»-ներ տարբեր երկիրներու մէջ, քաջ գիտակցելով հանդերձ, որ հայրենիքը կը կերտուի միա՛յն Հայաստանի մէջ: Մենք ալ փոքրիկ այնճարներ ստեղծած ենք սփիւռքի բոլոր համայքներուն մէջ, բայց գիտենք, որ Մուսա Լեռը կրնանք վերականգնել միայն Մայր Հայրենիքի մէջ: Ո՞ր ուղղութեամբ կ՛ուզենք ընթանալ. դէպի փոքր այնճարներու ստեղծո՞ւմ, թէ՞ Մուսա Լերան վերականգնում…
Հերոսութիւնը, սիրելինե՛ր, վայրկեանի մը դրուագն է, պահու մը արարքը, պատմութեան դէպք մը, իսկ իբրեւ հերոս ապրիլը` մնայուն սխրանք է, պատմութիւն կերտելու շարունակական արարք: Մեր պապերը հերոսութենէ անդին անցան եւ դարձան հերոսներ, որովհետեւ անոնք շարունակաբար պատմութիւն կերտեցին, դարձան հերոսներ` Մուսա Լերան բարձունքներէն մինչեւ Արարա ու մինչեւ Այնճար եւ միշտ կատարեցին ճի՛շդ ընտրութիւն:
Ահաւասիկ այս է Մուսա Լերան մեր խոնարհ, բայց հերոս պապերուն պատգամը: Մեր արժէքը մեր անցեալին մէջ պէտք չէ կայանայ, այլ` մեր ներկային, մեր հերոսական արարքին: Ուրեմն դարձեալ դառնանք օրինակելի հաւաքականութիւն` հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար, կատարենք ճիշդ ընտրանք, ստեղծենք ոչ թէ աշխարհով տարածուած «Լիթըլ Արմինիա»-ներ, այլ ստեղծենք հայրենիք` Մայր Հայաստանի հողին վրայ: Ստեղծենք ոչ թէ աշխարհով մէկ տարածուած փոքրիկ այնճարներ, այլ ստեղծենք մե՛ր Մուսա Լեռը, եւ այո՛, Մայր Հայաստանի հողին վրայ:
Եւ այսպէս, կերտենք մեր սերունդի հերոսական ներկան եւ ապագայ սերունդներուն աւանդ ձգենք մեր սեփական օրինակը:
Սիրելինե՛ր, վա՛յ այն օրուան, եթէ մենք` մուսալերցիներս, մեր արժէքը, մեր պատմութիւնը տեսնենք միայն թանգարաններուն մէջ: Վա՛յ այն օրուան, եթէ մեր փառաւոր պատմութիւնը վերածենք սիրամարգի պոչի` գեղեցիկ, բայց մնացած մեր ետին:
Մենք ներկայի՛ համար ենք, այսօրուա՛ն համար ենք, ապագա՛յ կերտելու համար ենք: Մեր պապերու ընտրանքը մեզի կը յուշէ, որ մենք նոր Մուսա Լեռ ստեղծելու՛ համար ենք, Հայաստանի մայր հողին վրայ մեր անցեալը կեանքի վերածելու համար ենք, համայն հայ ժողովուրդին ու նոյնիսկ օտարներուն օրինակ դառնալու համար ենք: Եւ սա կ՛ըսեմ ոչ թէ մեծամտութեամբ ու ինքնագովութեան համար, այլ սա կ՛ըսեմ` մեր պապերուն անցեալին, մեր պապերուն պատմութեան նայելով ու մեր պապերուն պէս` խոնարհ մնալով:
Եւ կերտենք մեր նոր հերոսամարտը` հայրենի աշխարհը վերածելով մեր ուշադրութեան կեդրոնը, Մուսա Լեռը վերականգնելով Հայաստանի մէջ:
Լոս Անճելըս