Նախատեսուած է, որ այս հոկտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստան այցելէ:
«Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վեհաժողովը: ՀԱՊԿ-ի բոլոր երկիրներուն ղեկավարները կը սպասենք Երեւանի մէջ», 15 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատար Շաւարշ Քոչարեան: