Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին Մարզիչին Եւ Պատասխանատուներուն Հետ

September 10, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem-aztag_90916

«Յաղթանակի Եւ Յաջողութեան
Պիտի Հասնինք Միասնաբար»

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի նախօրեակին, «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի մարզիչ Յովիկ Կիրակոսեանի, պատասխանատու Յարութ Տեմիրճեանի եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ անոր մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեանի հետ:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն յաւելեալ լուսաբանութիւն տալու համար խումբին նախապատրաստութիւններուն մասին, ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Շուտով կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը: Ինչպէ՞ս կ՛ընթանան այս գծով ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի նախապատրաստական աշխատանքները:

ՅԱՐՈՒԹ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր խումբը իր ամէնօրեայ փորձերը կը կատարէ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ:

Վերջին շրջանին փորձեցինք աւելի քան տասը տեղացի մարզիկներ: Սակայն ապացուցելէ ետք, որ մեր կրտսերներու խումբին մաս կազմող մարզիկները աւելի լաւ մարզավիճակի մէջ կը գտնուին, որոշեցինք կազմը օժտել ՀՄԸՄ-ի ապագայ երիտասարդ ֆութպոլիստներով:

Փորձեցինք նաեւ օտար մարզիկներ, սակայն յանգեցանք այն եզրակացութեան, որ խումբին պէտք է միանան հայրենի երկու ֆութպոլիստներ` Դաւիթ Ղանտիլեանն ու Էտկար Կիրակոսեանը:

Ամէնէն կարեւորը, որուն վրայ կու գամ շեշտը դնելու, այն է, որ խումբը առանց որեւէ վիրաւոր մարզիկի կը սկսի ախոյեանութեան եւ կը յուսամ, որ նոյն այս ձեւով ամբողջացնենք տարեշրջանը:

«Ա.».- Խումբին փորձերը ի՞նչ ձեւով տեղի ունեցան այս վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին: Մարզիկներուն ֆիզիքական պատրաստութեան վրայ յատուկ աշխատանք տարուեցա՞ւ:

ՅՈՎԻԿ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Այս տարեշրջանին ստանձնելով խումբին մարզիչի պաշտօնը կրնամ ըսել, որ կիրարկել տուի բաւական խիստ եւ զօրաւոր փորձեր, որպէսզի զօրացնեմ մարզիկներուն ֆիզիքական պատրաստութիւնը, որպէսզի անոնք ի վիճակի ըլլան ամբողջ 90 վայրկեան, նոյն մարզավիճակով շարունակել իրենց մրցումը եւ յոգնածութեան նշաններ ցոյց չտալ:

Այստեղ կ՛ուզեմ կատարել փոքր մատնանշում մը, որ յատուկ երեւոյթ մը կարելի է նկատել:

Կը կարծեմ, որ նոր տարեշրջանին քիչ մը «դժուարութեամբ» պիտի կարենամ ընտրել առաջին 11 մարզիկները, որովհետեւ խումբին բոլոր մարզիկներուն ալ մակարդակը իրարու համահաւասար է: Պահեստի մարզիկներ չկան այլեւս, որովհետեւ ունինք երկու հիմնական կազմեր, ասոր համար ալ վստահ եմ, որ պիտի հասնինք դրական արդիւնքի:

«Ա.».- Տարեշրջանին նախօրեակին բարեկամական փորձ-մրցումներ կատարեցի՞ք:

Յ. Կ.- Կատարեցինք շարք մը բարեկամական մրցումներ` յաւելեալ պատկերացում մը ունենալու մեր մարզիկներուն մասին:

Յիշատակելի եղաւ Լիբանանի ախոյեան Սաֆայի դէմ մեր կատարած մրցումը, որուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրեցինք:

Դարձեալ կը շեշտեմ, որ խումբը շատ լաւ վիճակի մէջ է եւ պատրաստ` ախոյեանութիւնը սկսելու:

«Ա.».- Իբրեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը, ինչպէ՞ս կը գնահատէք խումբին նախապատրաստական աշխատանքը:

ՀԱՄԲԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ.- Ինչպէս նշուեցաւ, խումբը առաւելագոյն ձեւով պատրաստուած է նոր տարեշրջանին: Փորձերուն մասնակցեցան բոլորը անխտիր` առանց բացակայութիւններու: Մարզիկներուն տրամադրութիւնները բարձր են, եւ ամէնէն կարեւորը` անոնք պատրաստ են ախոյեանութեան:

Նախապէս միշտ ալ տարեշրջաններու բացման մրցումները յաղթանակով սկսած ենք: Անկասկած այս տարեշրջանի բացման մրցումին ալ Սաժեսի դէմ յաղթանակը մեզ կը սպասէ:

Սակայն, որքան ալ լաւ ձեւով պատրաստուած ըլլանք ախոյեանութեան, երբե՛ք պէտք չէ նուաստացնենք կամ անտեսենք մեր մրցակիցը (մրցակիցները):

Իւրաքանչիւր մրցումի պիտի պայքարինք` կէտեր խլելու համար մեր մրցակիցէն:

«Ա.».- Խումբը ունի՞ մասնաւոր հովանաւորող:

Յ. Տ.- Նախորդ տարեշրջանին նման խումբին կարիքներուն հոգացողն է բժիշկ Ժաք Տեմիրճեան, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս կ՛օժանդակէ ՀՄԸՄ-ին:

Իրականութեան մէջ ան է, որ կը հոգայ խումբին ծախսերը: Այլ հովանաւորներ չունինք ներկայիս, բայց եւ այնպէս յառաջիկային կը յուսանք, որ ըլլան, երբ տեսնուին խումբին արձանագրելիք բացառիկ արդիւնքները եւ տպաւորիչ խաղարկութիւնը:

Մեր ամէն կարելին ըրինք, որ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» հողածածկ դաշտը վերածուի արուեստական խոտածածկով դաշտի, որպէսզի աւելի լաւ արդիւնքի հասնինք: Եւ այդպէս ալ եղաւ, մարզիկներուն մօտ զգալի է յառաջդիմութիւնը:

Խումբին վերաբերող հարցերով զբաղելէ բացի, իբրեւ բժիշկ կ՛օժանդակեմ բոլոր մարզիկներուն, որպէսզի որեւէ վնասուածք չստանան եւ լաւապէս «տաքցած» ձեւով սկսին իրենց մրցումներուն կամ փորձերուն:

Իմ ունեցած 16 տարուան մասնագիտութիւնս եւ փորձառութիւնս դրած եմ ՀՄԸՄ-ի տրամադրութեան տակ` առանց որեւէ շահ ակնկալելու:

«Ա.»- Կրնա՞նք որոշ լուսաբանութիւն մը ստանալ, թէ օտար մարզիկներու ընտրութիւնը ի՞նչ ձեւով տեղի ունեցաւ:

Յ. Կ.- Փորձեցինք շարք մը մարզիկներ, որոնցմէ ոմանք իբրեւ օտարական լաւ տպաւորութիւն չձգեցին:

Ի վերջոյ յանգեցանք այն եզրակացութեան, որ այս տարեշրջանին խումբին արժանի օտարականները պէտք է ըլլան Դաւիթ Ղանտիլեան եւ Էտկար Կիրակոսեան:

Ղանտիլեան երկու տարեշրջան ելոյթ ունեցած է Արարատի հետ եւ բացառիկ արդիւնքներ ձեռք ձգած, մինչ Կիրակոսեան Հայաստանի ֆութսալի հաւաքականի անդամ եղած է եւ առիթով մըն ալ մէկ տարեշրջան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ին:

Յուսալից ենք, որ հայրենի ֆութպոլիստները առաւելագոյն ձեւով պիտի արդարացնեն իրենց վրայ դրուած յոյսերը:

«Ա.».- ՀՄԸՄ իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրա՞յ պիտի կատարէ:

Հ. Մ..- Այս հարցին շուրջ որոշ նիւթեր եղան, սակայն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ 11 մրցում ունի կատարելիք. 6-ը` երթին, իսկ 5-ը` դարձին:

Վստահ ենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ի կողքին պիտի ըլլան Պուրճ Համուտի մէջ, այլ ո՛ւր որ խումբը մրցում կը կատարէ:

«Ա.».- Այլ ըսելիք ունի՞ք տարեշրջանի սկզբնաւորման նախօրեակին:

Հ. Մ.- Իմ եւ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներուս կողմէ կու գամ շնորհակալութիւն յայտնելու «Ազդակ»-ին, որ այս հարցազրոյցը ունեցաւ մեզի հետ:

Ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի խումբին 12-րդ մարզիկը պիտի ըլլայ համակիրներու մեր խումբը` անոր նեցուկ կանգնելով ամբողջ տարեշրջանին:

Մեր փափաքն է, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները միայն քաջալերեն իրենց մարզիկները: Թրիպիւններուն վրայ հարցեր չստեղծեն, մնան զուսպ, ըլլան օրինակելի եւ տիպար համակիր, ինչպէս եղած են միշտ:

Յաղթանակի եւ յաջողութեան պիտի հասնինք միասնաբար` ուղղուելով դաշտ եւ քաջալերելով մեր տղաքը»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ Ա. Հանգրուանի Մրցումը

Յաջորդը

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» Պատանեկան Միութիւն. Աննախընթաց Հեծելարշաւ` Ջերմ Եւ Հարազատ Մթնոլորտի Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի

February 14, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

February 14, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.