Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրունզէ Դովլաթեան (1927-1997). Հայրենի Շարժանկարի Մեծատաղանդ Բեմադրիչը

September 3, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

tovlatian-30-8-2016

Օգոստոս 30-ին, 19 տարի առաջ, Երեւանի մէջ մահացաւ հայ բեմի եւ շարժանկարի տաղանդաւոր յառաջապահներէն բեմադրիչ Ֆրունզէ Դովլաթեանը:

Հանդիսատեսին կողմէ մեծապէս սիրուած ու փնտռուած բեմադրիչ, բեմագրող եւ դերասան էր հայկական բեմարուեստի մեծատաղանդ վարպետը:

Մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ միշտ վառ կը մնան Դովլաթեանի տաղանդին գեղարուեստական ուրոյն դրոշմը անմահացնող շարժանկարներն ու բեմական նուաճումները, ինչպէս` «Բարեւ, ես եմ», «Սարոյեան եղբայրներ», «Երեւանեան օրերի խրոնիկա», «Մենաւոր ընկուզենին», «Կարօտ» եւ միւս գործերը:

Իր ծննդեան 80-ամեակին եւ մահուան 10-ամեակին առիթով Հ Հ Մշակոյթի նախարարութիւնը 2007-ը հռչակեց Դովլաթեանական տարի, որուն ընթացքին հայ բեմի վարպետին անունով կոչուեցաւ Երեւանի մէջ փողոց մը, հրատարակուեցաւ «Ֆրունզէ Դովլաթեան» մենագրութիւնը եւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին կողմէ անոր արուեստին նուիրուեցաւ յատուկ անդրադարձ:

Պատգամ ունեցող եւ իր ժողովուրդին ուղին լուսաւորող արուեստագէտն է Դովլաթեան, որ սիրոյ, յիշողութեան եւ հայրենաբաղձութեան ամբողջ յուզաշխարհ մը բացաւ հայոց սերունդներուն առջեւ:

Ծնած էր 1927-ի մայիս 26-ին, Նոր Բայազէտ (Կամօ, այժմ` Գաւառ): Հայրը եւ հօրաքոյրը սիրողական ներկայացումներ բեմադրող արուեստագէտներ էին գաւառական թատրոնին մէջ: Մանուկ տարիքէն սէրը` դէպի թատրոնն ու բեմական արուեստը, շեշտուած էր Ֆրունզէի մօտ. թատրոնի եւ բեմական արուեստի պաշտամունքը ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ եղաւ եւ կազմաւորման միջավայր դարձաւ հետագայ մեծ արուեստագէտին համար: Եւ դիպուկ է մատնանշումը շարժանկարի քննադատ Սուրէն Յասմիկեանի, որ կ’ընդգծէ, թէ` «առաջին մասնագիտութիւնը, որ շապիկի պէս կպել էր Դովլաթեանի մարմնին, դերասանն էր»:

Դովլաթեաններու ընտանիքը 30-ականներուն տեղափոխուած է Երեւան, ուր Ֆրունզէ ուսանեցաւ Կորքիի անուան դպրոցին մէջ` աշխուոյժ մասնակիցը դառնալով աշակերտական մշտապէս գործող թատերական խմբակին:

Տակաւին 15 տարեկան պատանի` ան նկարահանուեցաւ «Դաւիթ Բէկ» շարժանկարին մէջ` Մանսուր իշխանի դերով, ապա «Անահիտ»-ի մէջ մարմնաւորեց արքայազն Վաչագանը:

Ֆրունզէի երազն էր ընդունուիլ Սունդուկեանի անուան թատրոնը, ինչ որ իրականացաւ 1942-ին, երբ ան միացաւ մայր թատրոնի դերասանական արուեստանոցին, որուն ղեկավարն էր Արմէն Գուլակեան: Գուլակեանի շունչին տակ թրծուեցաւ Դովլաթեանի դերասանական տաղանդը, եւ ան նկարահանուեցաւ շարք մը ուշագրաւ շարժանկարներու մէջ, որոնց շարքին` «Ինչո՞ւ է աղմկում գետը» (1958), «Բարե՛ւ, ես եմ» (1958): Այս վերջինի մէջ իր դերակատարութեան համար Ֆրունզէ Դովլաթեան հետագային, 1967-ին, արժանացաւ ՀԽՍՀ պետական մրցանակին:

1942-1953 Ֆրունզէ Դովլաթեան գործեց Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ` իբրեւ դերասան: 1947-ին աւարտեց թատերական արուեստանոցը եւ նուիրուեցաւ դերասանութեան:

1950-ին «Այս աստղերը մերն են» թատերախաղին գլխաւոր դերերէն մէկուն` Հրայրի դերակատարման համար երիտասարդ դերասանը, քանի մը խաղընկերներու հետ, արժանացաւ Ստալինեան մրցանակի, որ անոր առջեւ բացաւ բարձրագոյն մասնագիտացման հետեւելու մեծ դուռը: Գնաց Մոսկուա եւ 1959-ին աւարտեց Մոսկուայի կինօ-ինստիտուտի (ՎԳԻԿ) բեմադրական բաժանմունքը` աշակերտելով Սերկէյ Կերասիմովին: Այդ շրջանին մասնակցեցաւ քանի մը վաւերագրական բարձրարժէք ժապաւէններու նկարահանման: Մոսկուայի մէջ իր նկարահանած «Մեր քաղաքի առաւօտը» շարժանկարը Վիեննայի փառատօնին արժանացաւ առաջին մրցանակի:

1959-1964 Ֆրունզէ Դովլաթեան աշխատեցաւ Մոսկուայի Կորքիի անուան կինօ-ստուտիային մէջ, ուր համաբեմադրութեամբ կեանքի կոչեց` «Ո՞վ է մեղաւոր» (1958), «Մեր քաղաքի առաւօտը» (1959), «Տիմա Կորինի քարիերան (ասպարէզը)» (1961) եւ «Առաւօտեան ձայներ» (1963) շարժանկարները: 1962-1964 Դովլաթեան եղաւ խորհրդային մեծազդեցիկ «Մոսֆիլմ» կինօ-ստուտիայի (շարժանկարի աշխատանոցի) բեմադրիչ:

Բայց հայ բեմի մեծ վարպետին սիրտը հայրենիքի կարօտով կ՛այրէր, եւ 1964-ին ան վերադարձաւ Երեւան, ուր մինչեւ վերջին շունչ եւ իր վախճանը իբրեւ բեմադրիչ գործեց «Հայֆիլմ»-ի մէջ աւելի քան 30 տարի ստեղծագործելով եւ հայկական շարժանկարը նոր բարձունքի առաջնորդելով:

Ֆրունզէ Դովլաթեան յատկապէս հռչակուեցաւ «Սարոյեան եղբայրներ» շարժանկարի գեղարուեստական ղեկավարի իր հանգամանքով ու ստանձնած գլխաւոր դերակատարութեամբ` մարմնաւորելով կրտսեր եղբօր, յեղափոխական Հայկի դերը: Շարժանկարը օրին, Քիեւի մէջ, արժանացաւ խորհրդային համամիութենական բարձր մրցանակի, իսկ գլխաւոր դերակատարները` Հայաստանի պետական մրցանակի:

Շարժանկարի քննադատներուն վկայութեամբ, 1966-ին Ֆրունզէ Դովլաթեանի նկարահանած «Բարե՛ւ, ես եմ» շարժանկարը շրջադարձային կէտ հանդիսացաւ հայկական շարժանկարի պատմութեան մէջ` իբրեւ «արդիական թեմատիկայի իրացման նոր քայլ»: Շարժանկարին ցուցադրութիւնները մեծ յաջողութեան արժանացան ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին, ինչպէս եւ` Քաննի միջազգային փառատօնին:

1969-էն մինչեւ 1986 Ֆրունզէ Դովլաթեան եղաւ Հայաստանի Կինոմատոգրաֆիստների միութեան վարչութեան առաջին քարտուղար, իսկ այնուհետեւ «Հայֆիլմ» կինօստուտիայի գեղարուեստական ղեկավար: 1994-ին ընտրուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Թեքէեան մշակութային միութեան նախագահ:

Վախճանեցաւ 1997-ի օգոստոս 30-ին եւ յետ մահու պարգեւատրուեցաւ հայ մշակոյթի պետական բարձրագոյն` «Մ. Խորենացի» շքանշանով:

Հայ բեմի մեծ վարպետին յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ վկայութիւնը կ’արժէ եզրափակել պատգամ խտացնող անոր հետեւեալ խորհրդածութիւններով.

«Արուեստագէտի խնդիրը պէտք է լինի քաղաքականութիւնը հասարակութեանը ներկայացնել ոչ մերկապարանոց, այլ` իբրեւ արուեստի գործ, որը որքան անկեղծ լինի ու պարզ, այնքան աւելի մնայուն ու ազդեցիկ կը լինի»:

«Հայերս յիշողութիւնների մէջ թաղուած ժողովուրդ ենք, բայց յուշարձան դարձնել այդ յիշողութիւնները` սառը, այսօրուան կեանքին ոչ մի կենսական թրթիռ չտուող, աններելի է»:

«Եթէ սէրը չլինի, ջրհեղեղ կը լինի, հոգեկան ջրհեղեղ»:

 

 

Նախորդը

«5-րդ Շարասեան» Նպատակը «Գունաւոր Յեղափոխութեան» Իրականացումը Չէ, Այլ` Ազգային Հիմքերի Խարխլումը

Յաջորդը

Երեւանի Հայկական ՄԱԿ-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.