Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Միայն Մեր Բնագիտութեան Եւ Ուսողութեան Դպրոցը Աւելի Շատ Մրցանակներ Շահած Է, Քան Վրաստանն Ու Ազրպէյճանը Միասին»

Սեպտեմբեր 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsyan_Meguertchyan_83116

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալած է 2015-2016 ուսումնական տարուան բարձր յառաջդիմութիւն ցուցաբերած` Հայաստանի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու  մետալակիր շրջանաւարտները, ինչպէս նաեւ դպրոցականներու  միջազգային առարկայական ողիմպիականներուն 2016-ին յաջողութիւններու հասած` մայրաքաղաքի եւ մարզերու  աշակերտները, «Քենկուրու» միջազգային ուսողութեան եւ հայոց լեզուի «Մեղու» մրցումներու մրցանակակիրները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանած է հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն, որմէ ետք արդէն աւանդական դարձած հանդիպումին ընթացքին շրջանաւարտներն ու աշակերտները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Հայաստանի կրթութեան եւ  գիտութեան նախարարին կողմէ ստացած են իրենց պարգեւները` մետալները, հաւաստագիրներն ու նուէրները:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հանդիպման մասնակիցները իր նստավայրին մէջ, շնորհաւորած ուսումնառութեան մէջ ձեռքբերումներուն համար, մաղթած հետագայ նորանոր յաջողութիւններ: Ան մասնաւորաբար ըսած է.

«Սիրելի՛ դպրոցականներ,
Յարգելի՛ մանկավարժներ,

Արդէն տեւական ժամանակ է, որ ամէն տարի այս դահլիճը կը  հրաւիրուին դպրոցական հերոսները, անոնք, որոնք ուրիշներէ  կը տարբերին իրենց գիտելիքներով, կը սորվին գերազանցապէս, դպրոցը  կ՛աւարտեն ոսկիէ մետալով եւ կը մասնակցին համաշխարհային առարկայական ողիմպիականներուն, կը դառնան մրցանակակիրներ ու «Քենկուրու» եւ «Մեղու» մրցումներու յաղթողներ:

«Ասիկա շատերու համար առաջին ձեռքբերումն է, բայց վստահ եղէք, որ ձեր շնորհիւ եւ ձեր աշխուժ մասնակցութեամբ ու նաեւ աշխուժ  մասնակցութեամբ այն բոլոր երիտասարդներուն, որոնք այս տարիներուն ընթացքին հրաւիրուած են այս դահլիճը` խրախուսանքի եւ մեծարման խօսքեր լսելու, պիտի կառուցուի ապագայ Հայաստանի դիմագիծը: Ես վստահ եմ, որ դուք ասիկա պիտի ընէք` օգտագործելով աւագ սերունդին  փորձը եւ մեր նախնիներուն գիտելիքի եւ կրթութեան նկատմամբ յաւերժական ձգտումը: Դուք նաեւ շատ աւելի լայն կարելիութիւններ պիտի ունենաք բանալու դռները աշխարհին առջեւ նորարարական գաղափարներ ներս բերելու համար, որպէսզի այդ գաղափարները կլանէք, մարսէք եւ վերարտադրէք ու կատարելագործէք: Այս տարի Հայաստանի դպրոցականները միջազգային առարկայական ողիմպիականներէն վերադարձած են 15 մրցանակներով` 1 ոսկի, 3 արծաթ եւ 11 պրոնզէ մետալներով: Ասիկա, վստահաբար, փայլուն նուաճում է, եւ ես անկեղծօրէն երջանիկ եմ, որ վերջին ութ-տասը տարիներուն ընթացքին մեր դպրոցականները այդ ողիմպիականներէն կը վերադառնան 15-էն 20 մետալներով: Միայն մեր բնագիտութեան եւ ուսողութեան դպրոցը աւելի շատ մրցանակներ շահած է, քան Վրաստանն ու Ազրպէյճանը միասին: Ասիկա չափազանց կարեւոր եւ մեծ ցուցանիշ է, որ պատիւ կը բերէ որեւէ ժողովուրդի: Վստահաբար, նաեւ շատ ուրախ եմ, որ կ՛ընդլայնուի մետալակիրներուն աշխարհագրութիւնը: Շատ լաւ է, որ Երեւանին եւ Գիւմրիին միացաւ  Վանաձորը: Վստահ եմ, որ տարիներ ետք մենք պիտի կարենանք ըսել, որ Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններէն ունինք համաշխարհային առարկայական ողիմպիականներու յաղթողներ:

«Ես բոլորդ կը շնորհաւորեմ, բոլորիդ կը համբուրեմ եւ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ծնողներուն, ձեր ուսուցիչներուն, անոնց, որոնք կրցան ձեզի հետ միասին հասնիլ այդ արդիւնքներուն: Աշակերտը պէտք է ձգտում ունենայ, աշակերտը պէտք է ցանկութիւն ունենայ, ուսուցիչը պէտք է ունենայ գիտելիք հաղորդելու կարողութիւն եւ  ունակութիւն: Երբ այս երկու հանգամանքները կը միանան, մենք կը հասնինք շատ բարձր արդիւնքներու: Ապրի՛ք», ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած  է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 

 

Նախորդը

Կապանի Մէջ ՀՅԴ-ի Թեկնածու Արթուր Աթայեան Յաղթող Թեկնածու Է

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ճափոն – Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Լիկայի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?