Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուներուն համաձայն, նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ կատարեց Մազարեհ Շեպաայի, Արքուպի, Մերժահիունի եւ Հասպայայի վերեւ, ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն իմացած է, թէ նախքան տարեվերջը շրջանային առումով անկիւնադարձային նուաճումներ պիտի արձանագրուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի հանգստեան կոչուելէն ետք, Ուալիտ Պուխարի նշանակուած է սէուտական դեսպանատան գործավար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Միշել Քամերոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քանատական յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն պիտի կատարուի, նկատի ունենալով երկրին ճնշող պայմանները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ընտրական սխալ օրէնքներու հիման վրայ կատարուած ընտրութիւններուն արդիւնքը եղած է ապօրինի իշխանութիւններու գոյութիւնը:

ՖԱԹՀ Իսլամ շարժումի աշխուժ անդամ պաղեստինցի-յորդանանցի Մոհամետ Տ., ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներ Թահա Օ. եւ Սալեհ Օ. երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ անձնատուր եղան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն ընդգծեց, որ Վատիկանը մտահոգ է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ քրիստոնէական գոյութեամբ:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան լիբանանեան-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւնները:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ քրիստոնեաները լիբանանեան գոյացութեան հաստատման հիմնասիւնը կը նկատուին:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան մէջ քրիստոնեաներու գոյութիւնը հետզհետէ կը տապալի, եւ պէտք է այդ հարցը հետապնդելու իմաստով յանձնախումբ մը ստեղծուի:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ աունականները կը փորձեն բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին հեռացնել նախագահական թեկնածութենէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն մերժեց Քեսրուանը վերածել աղբանոցի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց` վերջ տալու Պուրճ Համուտի աղբի մթերման վայրին դիմաց կատարուող նստացոյցին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա իսկական քաղցկեղ մըն է` երկրին իշխանութիւններուն աշխատանքը արգելակելուն եւ ապօրինի զէնք ունենալուն պատճառով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըր մնայուն կերպով պաշտպանած է լիբանանցիներուն միջեւ արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը տապալելը համազօր է հաւաքաբար անձնասպանութիւն գործելու եւ երկրին կայունութեան պաշտպանութիւնը ջլատելու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բանեցուցած ճնշումին ենթակայ պիտի չըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ հաստատեց, որ Հըզպալլա լաւապէս կը գիտակցի կառավարութիւնը պահելու անհրաժեշտութեան եւ այդ պատճառով ալ պոյքոթի չ՛ենթարկեր նախարարաց խորհուրդի նիստերուն իր մասնակցութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ ինչպէս Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Դիմադրութեան նեցուկ կանգնած է 2006-ի յուլիսեան պատերազմին, իրենք ալ իրենց կարգին նեցուկ պիտի կանգնին զօր. Աունին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են բոլորին հետ երկխօսութիւն կատարելու, որովհետեւ համոզուած են, որ երկխօսութիւնն է երկրի տագնապին միակ լուծումը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ ուժանիւթի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ քարիւղի հանքերու պեղման աշխատանք պիտի սկսի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը կը մերժէ վաւերացնել քարիւղի թղթածրարին կապուած որեւէ թղթածրար, նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ նախքան նախագահական ընտրութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւն կարելի չէ կատարել` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով Հըզպալլա զբաղումի առարկայ դարձուցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը:

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Բանբերը Սպաննուած Է Հալէպի Մէջ

Յաջորդը

Այն Հելուէի Մէջ. «Յանցագործներուն Անձնատուութիւնը Ողջունելի Է` Կայունութեան Հաստատման Առումով» Ըսաւ Սիկրիտ Քաակ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?