Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Մէջ. «Յանցագործներուն Անձնատուութիւնը Ողջունելի Է` Կայունութեան Հաստատման Առումով» Ըսաւ Սիկրիտ Քաակ

August 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kaag_ain_helwe_83016

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Այն Հելուէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան միացեալ քաղաքական ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան ժողովրդային խորհուրդներուն ներկայացուցիչներուն հետ` իմանալու համար գաղթակայանին մէջ տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու գաղթականներուն պահանջներուն:

Քաակ յայտնեց, որ Այն Հելուէի բնակիչները կը մերժեն ահաբեկչութիւնը եւ անոնք իրենց հայեացքները կ՛ուղղեն դէպի փայլուն ապագայ, ուր պէտք է բարելաւել իրենց առօրեան` մարդկային տարրական պայմաններու ապահովումով:

Անդրադառնալով Այն Հելուէի մէջ գտնուող յանցագործներուն լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան անձնատուր ըլլալու իրականութեան, Քաակ ըսաւ. «Յանցագործներուն անձնատուութեան քայլը ողջունելի է` գաղթակայանին կայունութեան հաստատումին առումով»:

Քաակ յայտնեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ ապահովական կայունութեան հսկող այլ պատասխանատուներու հետ:

Նշենք, որ Քաակ հանդիպում մը ունեցաւ Սայտայի մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Խտըր Համմուտի հետ:

Քննարկուեցան շրջանին ապահովական եւ ընկերային մարզերուն, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցին վերաբերող խնդիրներ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մոսկուա. «Ռուսիոյ Դերակատարութիւնը Փոքրամասնութիւններուն Միակ Երաշխիքը Կը Մնայ» Շեշտեց Արսլան

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.