Գնդակը Աւելի Մօտէն…
Պասքեթպոլի դպրոցական խումբին մարզիչը դժգոհ է Վարդանիկի խաղարկութենէն եւ միշտ կը թելադրէ, որ աւելի ճիգ ընէ: Ատեն մը ետք Վարդանիկ կը հարցնէ մարզիչին.
– Խաղս սկսա՞ւ բարելաւուիլ:
Մարզիչը կ՛ըսէ.
– Այո՛, այո՛: Հիմա գնդակը աւելի մօտէն սկսած ես դուրս նետել:
Վերջինէն Վատը
Երկու տարբեր խումբերու համակիրներ կը զրուցեն:
Մէկը կ՛ըսէ.
– Քսան խումբ կայ ախոյեանութեան մէջ եւ դուք վերջինն էք:
Միւսը կ՛ըսէ.
– Կրնար աւելի վատ ըլլալ. 30 խումբ ըլլալ:
Ոտքի Ե՛լ
Բռնցքամարտիկ մը բժիշկին ներկայանալով կ՛ըսէ, որ անքնութենէ կը տառապի: Բժիշկը կ՛ըսէ.
– Փորձէ՛ ոչխարներ համրել:
Բռնցքամարտիկը կ՛ըսէ.
– Փորձեցի` չեղաւ. ամէն անգամ, որ 9-ին կը հասնիմ, ոտքի կ՛ելլեմ:
Տոմսերը Ապահով Են
Ապարանցի մը տղուն հետ մրցումի ժամուն կը հասնի դաշտ, ուր կը նկատէ, որ մուտքի տոմսերը գրպանին մէջ չեն: Տղուն կ՛ըսէ.
– Անմիջապէս տուն վազէ՛ եւ տես, որ տոմսերը հո՞ն են:
Տղան կը վազէ տուն եւ վերադառնալով հօրը կ՛ըսէ.
– Այո, տոմսերը տունը խոհանոցին սեղանին վրայ են…