Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ անդրադառնալով Հալ Սիթիի դէմ Եունայթըտի յաղթանակին (1-0), ըսաւ.
«Մարքուս Ռաշֆորտ եւ Հենրիխ Մխիթարեան ամէնէն աշխուժն էին, անոնք խումբին կը հաղորդեն այնպիսի բաներ, որոնք Անթոնի Մարշիալը եւ Խուան Մաթան չեն կրնար տալ: Մխիթարեան եւ Ռաշֆորտ զանոնք փոխարինելով խաղին ներուժը ամբողջովին փոխեցին: Առաւելագոյն 9 կէտէն` 9 կէտ», ըսաւ Ֆերտինանտ: