Ռուսիոյ դաշնակիցներ Հայաստանը եւ Սերպիան պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ գործող ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներուն հետ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք ռազմափորձերուն: Այս մասին կը գրէ Հրաչ Մելքումեան:
Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան 27 օգոստոսէն մինչեւ 15 սեպտեմբեր` Գերմանիոյ զինուորական խարիսխին մէջ: Կազմակերպիչը Եւրոպայի մէջ տեղակայուած Միացեալ Նահանգներու զօրքերու հրամանատարութիւնն է: Ռազմափորձերուն մասնակցելու համար ճամբորդական, կեցութեան, սնունդի, զինավարժարաններէն օգտուելու ծախսերը կը հոգայ ամերիկեան կողմը:
Ամերիկեան զինուած ուժերու հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ռազմափորձերուն նպատակն է բազմազգ միջավայրի մէջ բարելաւել փոխադարձ գործակցութիւնը եւ փոխըմբռնումը գործընկերներուն հետ մարտավարական մակարդակով կայացող ցամաքային զօրքերու գործողութիւններուն մէջ: Նշուած է նաեւ, որ նման ռազմափորձեր կը կատարուին տարին երկու անգամ:
Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին 3 հազար 100 զինուորներ 20 երկիրներէ: Յետխորհրդային տարածքէն պիտի մասնակցին Հայաստանը, Ուքրանիան, Մոլտովան եւ Լիթվիան:
Նշենք, որ Հայաստան կը մասնակցի թէ՛ Ռուսիոյ հետ, թէ՛ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջանակին մէջ կայացող գրեթէ բոլոր ռազմափորձերուն: Այս օրերուն Հայաստան կը մասնակցի Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող «Անխախտ եղբայրութիւն-2016» խաղաղապահ միացեալ ռազմափորձին: