
16 օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստը, որուն կը մասնակցէին ՀԱՊԿ միացեալ ղեկավարման մարմինի պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու` Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու պատուիրակութիւնները, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան գօտիներուն, որոնց կարգին կովկասեան շրջանին մէջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը, նախանշուած են կազմակերպութեան ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման ուղղութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան կատարելագործման, զինուորական շինարարութեան զարգացման եւ զինուորական համակարգի վերաբերող համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան մարզին մէջ գիտահետազօտական կազմակերպութիւններու կեդրոնի ստեղծման վերաբերող խնդիրներուն:
Նիստին ընթացքին քննարկուած շարք մը հարցերու վերաբերող փաստաթուղթեր ստորագրուած են: Որոշում տրուած է ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի յաջորդ նիստը գումարել Երեւանի մէջ, հոկտեմբերին: Նիստի աւարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ու ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ:
ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցող պատուիրակութիւններու ղեկավարները նոյն օրը այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:


