Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերու Հայցով Դատավարութեան Ընթացքին Դատաւորը Էրտողանը Անուանեց «Խելագար Նախագահ»

Օգոստոս 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Միացեալ Նահանգներու իններորդ ցանցի վերաքննիչ դատարանը Քալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքին մէջ, օգոստոսի 4-ին լսեց բանաւոր փաստարկներ երկու դատական հայցերու առնչութեամբ` Թուրքիոյ կողմէ 1915-1923 թուականներուն բռնագրաւուած հայկական կալուածներու վերաբերեալ, Պաքալեան եւ Տաւոյեան ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր Կեդրոնական ու «Զիրաաթ» դրամատուներուն: 2013-ին շրջանային դատարանը մերժած էր այս երկու հայցերը` հիմնաւորելով, որ իրենք գործ ունէին քաղաքական հարցի մը հետ, որ ոչ թէ դատարաններու, այլ ընտրուած պաշտօնեաներու ենթակայութեան տակ էր:

Դատարանին մէջ հայ հայցուորները կը ներկայացնէին Քեթրըն Լի Պոյտը (Brownstein Hyatt Farber Schreck) եւ Մարք Կիրակոսը (Geragos & Geragos): Թրքական կողմը կը ներկայացնէր Նիլ Սալթմընը (Mayer Brown): Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի դատաւորներու կազմին մէջ էին Ալեքս Քոզինսքի, Սթիւըն Ռայնհարտ եւ Քիմ Ուըրտլոն:

Երեք դատաւորներն ալ յայտարարեցին, որ ինքնիշխան պետութիւնը իրաւունք ունի գրաւելու իր քաղաքացիներուն սեփականութիւնը, եւ ամերիկեան դատարանը իրաւասու չէ միջամտելու նման դէպքերու, բացի եթէ ատոնք ուղեկցուած են միջազգային իրաւունքի խախտումներով կամ ցեղասպանութեամբ:

Դատաւոր Քոզինսքի քանի մը անգամ կասկածի տակ դրաւ իրաւաչափութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան յղումներու, քանի որ երկու հայկական հայցերէն մէկուն մէջ այդ նշուած էր իբրեւ հայց ներկայացնելու հիմքերէն մէկը: «Մեր կառավարութիւնը դէմ է սա ցեղասպանութիւն կոչելուն: Կրնամ ըսել, որ մեր կառավարութիւնը բաւականին անդրդուելի եղած է, որ սա ցեղասպանութիւն չէ», պնդեց դատաւոր Քոզինսքի: «Դաշնակցային դատարանները ստիպուած պէտք է ընդունին դիրքորոշում մը, որ կրնայ հակասել այն դիրքորոշման, որուն տասնամեակներ շարունակ յարած է մեր կառավարութիւնը, անոր գործադիր իշխանութիւնը»:

Երբ Մարք Կիրակոս տեղեկացուց դատաւոր Քոզինսքիի, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը եւ թէ՛ նախագահ Ռիկըն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատաւոր Քոզինսքի տարօրինակ պատասխան տուաւ. «Նախագահ Ռիկըն… տասնամեակներով նախագահ չէ եղած»:

Դատաւորին մեկնաբանութիւնը անհեթեթութիւն էր: Ցեղասպանութեան եւ անոր ճանաչման փաստերը չեն փոխուած միայն այն պատճառով, որ այդ ողբերգական իրադարձութիւնները եւ ատոնց ճանաչումը տեղի ունեցած են տասնամեակներ առաջ… Ի դէպ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 1951 թուականին` Համաշխարհային դատարան ներկայացուած պաշտօնական փաստաթուղթի մը մէջ:

Դատաքննութեան ամբողջ ընթացքին դատաւոր Քոզինսքի յամառօրէն կը հարցնէր հայցուորներու փաստաբաններուն, թէ արդեօ՞ք անոնք համաձայն են մէկ կողմ դնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցը սոյն դատական հայցով: Ի վերջոյ, փաստաբան Կիրակոս համաձայնեցաւ, որպէսզի ճամբայ հարթէ հայցի քննարկման համար, մանաւանդ որ առկայ էին միջազգային իրաւունքի տասնեակ այլ խախտումներ թուրքերու կողմէ, որոնք կ՛ապահովէին իրաւասութեան պահանջները:

Փաստաբան Պոյտ նշեց, որ անհրաժեշտութիւն չկայ ապացուցելու Ցեղասպանութեան փաստը դատական հայց ներկայացնելու համար` ըստ 1976-ի «Արտաքին ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան աքթի» (FSIA): Իրականութեան մէջ «մարդկութեան դէմ յանցանքները» նաեւ միջազգային իրաւունքի խախտումներ են: 1915 թուականի մայիս 29-ին, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա եւ Ռուսիա հանդէս  եկած են համատեղ հռչակագրով` մեղադրելով թրքական իշխանաւորները «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցանքներ» գործելու համար եւ զգուշացուցած, որ անոնք պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն այդ ոճրագործութիւններուն համար:

Դատաւոր Քոզինսքի հարցուց նաեւ, թէ ո՞րն է հայցեր ներկայացնելու պատճառը այդ դէպքէն 100 տարի անց, որուն ի պատասխան` Մարք Կիրակոս ըսաւ, որ ըստ FSIA-ի, վաղեմութեան ժամկէտ գոյութիւն չունի: Ան նաեւ նշեց, որ անցած ժամանակը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, քանի որ առկայ է «շարունակուող խախտում», որովհետեւ Թուրքիան պահած է այդ կալուածները եւ հաշուեգրուած վարձավճարներ չէ կատարած հայ սեփականատէրերուն, տասնամեակներ շարունակ:

Կիրակոս նաեւ ըսաւ դատաւոր Քոզինսքիի, որ ինքնիշխան պետութեան կողմէ իր սեփական քաղաքացիներուն ունեցուածքի գրաւման հայեցակարգը այս դատական գործով չի կիրարկուիր, քանի որ հայերը զրկուած են իրենց քաղաքացիութենէն թրքական պաշտօնական հրամանագրերով եւ արտաքսուած` երկրէն:

Միայն այն բանէն ետք, երբ փաստաբան Պոյտ բացատրեց դատաւոր Քոզինսքիին, որ հայկական կալուածներու բռնագրաւումը թրքական կառավարութեան կողմէ եղած է «կամայական եւ խտրական», թուեցաւ, որ դատաւորը հասկցաւ խնդիրը եւ ըսաւ թրքական կառավարութեան փաստաբան Նիլ Սալթմընին, որ տարբերութիւն կայ,  օրինակ, Քենեքթիքըթի հանրային գերակայ շահի պատճառով տան գրաւման եւ որոշակի ցեղի կամ կրօնի պատկանող անձերու բոլոր տուներու գրաւման միջեւ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի խախտում է, եւ հետեւաբար օրինականօրէն դատելի է Միացեալ Նահանգներու դատարանէն ներս:

Վերջապէս, դատաւոր Ուըրտլոնի երեւութապէս պատահական դիտողութիւնը` Թուրքիոյ նախագահը յիշատակելու իբրեւ «այս խելագար նախագահը», կրնայ նշանակել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներ յոգնած են Էրտողանի «խելագար» արարքներէն եւ այսուհետեւ կը թոյլատրեն արդարադատութեան համակարգին` նկատի ունենալ մարդու իրաւունքներու թրքական կոպիտ խախտումներու հետ կապուած դատերը եւ չեն թաքնուիր քաղաքական շարժառիթներով պայմանաւորուած քողարկումներու ետին:

Կ՛ակնկալուի, որ Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը իր որոշումը կը հրապարակէ յառաջիկայ իննսուն օրուան ընթացքին:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Արա Պապեան Գիտցածը Կը Կարդայ

Յաջորդը

120 Տարի Առաջ, Այսօր. Պանք Օթոմանի Գրաւումը

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In