Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼՈՐԻ ԹԱՇՃԵԱՆ 200 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼԻՆ, ԻՍԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԵՏ ՎԱԶՔԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

September 26, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լորի Թաշճեան

Մարզական աւանին մէջ երէկ աւարտած Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու առաջին ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ Լիբանանի աղջկանց խումբը յաջողեցաւ վազքի խմբային մրցումներուն տիրանալ ոսկի մետալին` գերազանցելով այլ երկիրներու հաւաքականները:

Նշենք, որ Լիբանանի կազմին մաս կը կազմէր այս ախոյեանութեան մրցումներուն միակ հայ մարզիկը` Լորի Թաշճեան, որ Ճեմարանի աշակերտ է եւ մաս կը կազմէ Շանվիլ ակումբին:

Լորի Թաշճեան, որ նախանցեալ օր` մրցաշարքին առաջին օրը, աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն հանդիսացած էր առաջին եւ տիրացած ոսկի մետալին, շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, 200 մեթր վազքի մրցումներուն գրաւեց երրորդ դիրքը` արձանագրելով 27″ 50 արդիւնք մը: Առաջին դիրքը գրաւեց Նուր Հիւսէյն Մալիքի (Քաթար, 27″ 35), իսկ երկրորդ դիրքը` Հաժար Սաատ (Պահրէյն, 27″ 41):

Բնականաբար, Լորի Թաշճեանի արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին մեծապէս քաջալերելի եւ հպարտալի, մանաւանդ որ ան միակ հայ մարզիկն էր այս մրցաշարքին:

Փափաքելի է, որ այլ հայ մարզիկներ ալ բարի օրինակ առնեն Լորի Թաշճեանէն եւ իրենց ակումբներուն կամ վարժարաններուն հետ փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով իրենք զիրենք փաստեն տեղական մակարդակի վրայ:

Հոս տեղին է նշել, որ Լորի Թաշճեանի արձանագրած այս փայլուն արդիւնքներուն մէջ իրենց կարեւոր դերը ունին նաեւ անոր ծնողները, որոնք շատ մօտէն կը հետեւին անոր կատարած փորձերուն եւ կը դառնան անոր երկրորդ մարզիչը:

Նախորդը

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ

Յաջորդը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՓԻՒՆԻԿ 8-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՏԻՐԱՑԱՒ ՅԱԿՈԲ ՏՈՆՈՅԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Լիբանան – Ճափոն
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանան – Ճափոն

November 26, 2026
Քարաթէ.  Արթուր Արուշանեան`  Ամերիկայի Բաժակի Ախոյեան
Մարզական

Քարաթէ. Արթուր Արուշանեան` Ամերիկայի Բաժակի Ախոյեան

November 26, 2026
Հրաձգութիւն.  Հայաստան 10 Ներկայացուցիչներով  Կը Մասնակցի Լեհաստանի  Միջազգային Մրցաշարքին
Մարզական

Հրաձգութիւն. Հայաստան 10 Ներկայացուցիչներով Կը Մասնակցի Լեհաստանի Միջազգային Մրցաշարքին

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։