ԺԱՆԻԿ ՔԷՉԵԱՆ
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի
Կեդրոնակն կոմիտէի ներկայացուցիչ
Անընդհատ կը խօսինք աշխարհի մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն մասին: Մենք մեզ ճգնաժամի մէջ կը զգանք եւ կ՛ընկալենք, որ մեր աշխարհը փոփոխութեան մէջ կը գտնուի: Ճգնաժամ եւ փոփոխութիւն անխուսափելիօրէն կը դառնան իրարու կապուած հայեցակարգեր:
Անցեալ ամիս Հայաստանը ապրեցաւ վերջին տարիներուն ամենավատ ճգնաժամերէն մէկը, երբ «Սասնայ ծռեր» ինքնակոչուած զինեալ խումբ մը Երեւանի ոստիկանատուն մը գրաւեց եւ պահանջեց իր ղեկավարի` Ղարաբաղի նախկին ազատամարտիկ Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատագրումը:
Բնակչութեան փոքր բաժին մը ցոյցի ելաւ` թիկունք կանգնելով զինեալ խումբի պահանջներուն, մինչ քաղաքական զանազան ուժեր, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի ազդեցիկ անձնաւորութիւններ, միջնորդեցին հետագայ վնասները կանխելու նպատակով:
Թէեւ իր պահանջները ներկայացնելու համար զինեալ խումբին օգտագործած մեթոտները ակնյայտօրէն դատապարտելի են: Սակայն ոստիկանատան զօրամասի գրաւման ժամանակ տեղի ունեցած ընկերային զօրահաւաքը արժանի է քննարկման, տրուած ըլլալով, որ անհանգստութեան արտայայտութիւն մըն է, որ հաւանաբար կը գերազանցէ գործողութեան ընթացքին յայտարարուած պահանջներն ու նպատակները:
Ժողովրդավարութեան փաստացի գործունէութեան հանդէպ բնակչութեան հատուածի մը անվստահութիւնն ու հիասթափութիւնը տարբեր ձեւերով կ՛արձանագրուին, եւ դժուար չէ պատկերացնել, որ վատթարացուած տնտեսութիւններու մէջ, ուր նոյնիսկ աշխատատեղեր եւ եկամուտ չեն յառաջանար, ի յայտ եկած հետեւանքները, երկրի մը կենսունակութեան համար, ընկերային առումով, վտանգ կը ներկայացնեն:
Այնքան ատեն որ ընկերութիւն մը զգալիօրէն անհաւասար ըլլայ, անոր իշխանութիւններուն իրաւազօրութիւնը աւելի կը նուազի, նաեւ` գոյութիւն ունեցող ընկերային խնդիրներու հանդէպ լուծումներ յառաջացնելու անարդիւնաւէտութեան պատճառով:
Տեղական ամբողջ անորոշութիւններուն հարկ է աւելցնել միջազգայինները, ուր շատ մը հզօր ուժեր աւելի պատրաստակամ են բաժնել եւ ոչնչացնել, քան թէ` համագործակցութիւն ու ազդեցիկ ուղիներ գտնել, որոնք մեր ժողովուրդի բարելաւման հեռանկարներ կրնան դառնալ:
Ասիկա յստակ ձեւով կարելի է տեսնել Արցախի հիմնահարցի պարագային, որ նոյնպէս հետեւանքներ ունի Հայաստանի վրայ, տրուած ըլլալով, որ զոյգ հանրապետութիւնները ռազմական առումով մշտական սպառնալիքի տակ կը գտնուին` այդպիսով զանոնք աւելի խոցելի դարձնելով, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդի կեանքին վրայ ուղղակի եւ բացասական ազդեցութիւն ունենալով:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար Արցախի ու Հայաստանի տարածքներու ամբողջականութեան անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը մեր ազգային առաջնահերթութիւններուն եւ նպատակներուն անբաժանելի մաս կը կազմեն:
Հեշտ չէ բողոքը յարգել, թէեւ ան արժանի է ուշադրութեան, մանաւա՛նդ եթէ բողոքող խումբին մաս կը կազմեն նախկին ազատամարտիկներ, որոնք ազգին հանդէպ իրենց հայրենասիրութիւնը լիովին ցոյց տուած են: Յոյս ունինք, որ կատարուած արարքներուն դիմաց անոնք համապատասխան վերաբերմունքի կ՛արժանանան: Այդ կը նշանակէ` ինքզինքն միւսին տեղը դնել, առանց վարկաբեկելու այն քաղաքացիները, որոնք, ըստ յաճախ պատահածին, կը միանան բողոքին այն մտայնութեամբ, որ իրենց հայրենիքին համար լաւ գործ մը կատարած են:
Այնուամենայնիւ, կը հաւատանք, որ իրենց բողոքը իրականացնելու ձեւը նպաստաւոր չէ եղած` խախտելով պետական օրէնքը, զէնք վերցնելով ճգնաժամը «լուծելու» որպէս միջոց, պահանջելով նախագահի հրաժարականը, երբ տակաւին նոյնիսկ չեն իրականացած սահմանադրական բարեփոխումները, պատճառելով մահեր եւ վիրաւորներ, մինչեւ ընկերային խաղաղութեան սպառնալիք հասցնելը: Խորապէս համոզուած ենք, որ ա՛յս չէ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերու լուծման ձեւը:
Հասարակութեան մը մէջ երբեմն, երբ դժուարութիւնը կեդրոնացած կ՛ըլլայ իրավիճակներու բարդութեան մէջ կամ անոնց վտանգաւորութեան վրայ, դժգոհութիւն յառաջացնելէ աւելի` կրնայ գործել զայն դրական ուժի մը վերափոխելը: Արցախի չորս օրուան պատերազմի վերջին օրինակը այս ուղղութեամբ պարզ նմուշ մը կը ներկայացնէ:
Այս արարքները կրնան միասնութիւն մը յառաջացնել, որ թոյլ կու տայ չմտածուած ու աննման սխրանքներու: Գիտակից ենք այդ տեսակէտով եւ անցուցած ենք այդ փորձառութիւնը:
Ընկերային հարցերու յետաձգումը անընդհատ, աւելի կարեւորներուն փոխարէն ետ ձգելով, իսկ միւս կողմէն, մինչ տնտեսական եւ քաղաքական փտածութիւնը կը թուի ղեկավարութեան մէջ յաղթական ըլլալ, Հայաստանի ընկերութեան մէջ ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ ոչ միայն հիասթափութիւնը, այլ նոյն արդիւնքը կարելի է արտադրել սփիւռքի մէջ վստահութիւն ստեղծած լուռ համաձայնութեան մէջ, որը տասնամեակներու ընթացքին կարողացած է իր եւ մայր հայրենիքի իրականութիւններուն միջեւ կամուրջներ կառուցել, աւելի յաջողութիւններով, քան թէ` խափանումներով:
Երբ քաղաքացիներէն կը խնդրենք յանձնառութիւն` իրենց պահանջներուն ժողովրդավար ձեւը պահպանելու առումով, ինչպէս նաեւ` երիտասարդ հանրապետութեան մը կառուցումը չխախտելու նպատակով օգտագործուին օրինաւոր միջոցներ, նոյն ժամանակ հարկ է ժողովուրդին ճակատագիրը ղեկավարողներէն ակնկալել առաւել պատասխանատուութիւն, որովհետեւ ճիգի, բարոյագիտութեան, յանձնառութեան, աշխատանքի եւ հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեան միակողմանի պահանջը, մօտակայ կամ հեռաւոր ժամանակին, ի վերջոյ կը քայքայուի:
Ոմանց համար ատիկա եղաւ երկրի ընկերա-տնտեսական իրականութեան առջեւ հիասթափութեան արտայայտութիւն մը եւ հաւանաբար` յուսախաբութիւն կառավարութեան հանդէպ, որուն մաս կը կազմենք անցեալ ապրիլ ամիսէն ի վեր` ստանձնած ըլլալով երեք նախարարութիւններ:
Թէեւ կրնանք զգացումները մասամբ հասկնալ եւ կիսել, սակայն կարելի չէ յուզմունքով յառաջանալ: Պէտք է շատ յստակ եւ զգուշ ըլլանք այս գաղափարներով:
Ճգնաժամերուն առջեւ պատասխանները քաղաքական այլընտրանքներ են, եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ընդմէջէն բազմաթիւ ձեւերով կը նախաձեռնենք, որոնց կարգին հարկ է կարեւորել վերջին ժամանակներուն յառաջացած սահմանադրական բարեփոխումները, որով իշխանութիւնը կը փոխանցուի նախագահէն դէպի ժողովուրդ` խորհրդարանին մէջ առաւել ներգրաւուածութիւն ստեղծելով եւ ընտրութիւններուն ժամանակ լաւագոյն վերահսկողութեամբ, ու փոփոխութիւններու միջոցաւ նաե՛ւ նախաձեռնած ենք քաղաքական սահմանումներ` ի տես անկախ դատական համակարգի մը:
Այն քաղաքական որոշումները, որոնք առաջնահերթութիւն չեն տար ընկերային արդարութեան, կը յառաջացնեն առաւել անհաւասարութիւն, պատճառ կը դառնան հայրենակիցներու արտագաղթին եւ աւելի աղքատութեան, ու պէտք է պահանջենք, որ գործելու ձեւը փոխուի:
Մտածել, թէ արդի անկարգութեան ու անվստահութեան առջեւ «բուժումը» կը պատճառէ իշխանութեան առաւել կեդրոնացում, առաւել վտարում, առաւել ուղղահայեացութիւն եւ հալածանք, պէտք է դառնայ, որպէսզի այդ ձեւով ընկերային յարաբերութիւններու նախկին համակարգը պահպանուի, ա՛յդ է, ինչ որ պէտք չէ կատարուի:
Որպէս Հարաւային Ամերիկայի բնակիչներ, քաջ գիտենք` ի՛նչ կը նշանակէ ընկերային բեւեռացումը եւ անհաւասարութիւնը, որ հետեւանք է գոյութիւն ունեցող տնտեսութեան ու օլիկարխիայի կեդրոնացման, եւ նոյնպէս գիտակից ենք, որ երբ տնտեսութիւնը չի մղեր ընկերային զարգացման, ա՛յդ ազգի անկայունութեան ու անապահովութեան յառաջացնելու ամենավատ ձեւերէն մէկն է:
Կը հաւատանք, թէ անհրաժեշտ է, որ իսկապէս մտահոգուած քաղաքացիութիւնը յանձնառութիւն ստանձնէ աշխատանք տանիլ ի տես նոր յարացոյցի մը, որ կարեւոր է ընկերային տեսակէտը եւ յատկապէս ըլլայ աւելի արդար ու անաչառ: Այս է մեր մեծ մարտահրաւէրը` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, ու մեր յանձնառու գործունէութեամբ ջանք կը թափենք մեր ներդրումը բերել ի նպաստ այս նպատակներուն:
Հնարաւոր է հանդէս գալ միասնական ձեւով ու քաղաքականօրէն, մշակութային փոփոխութիւն մը յառաջացնելով, որ կաշառակերութեան վերջնական արմատախլումին պատճառ դառնայ:
Արդարադատութիւնը, ընկերային ներառումը եւ քաղաքական ներկայացուցչութիւնը պէտք է ողջ քաղաքական դերակատարներուն կողմէ վերականգնուած հարցեր ըլլան եւ, մասնաւորապէս ու կարճ ժամկէտի մէջ, կառավարութեան կողմէ, ցոյց տալով ըմբռնումի յստակ նշաններ ու մղելով ժողովուրդին ի նպաստ փոփոխութիւններ: