ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաւէր ուղղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանին, որ օգոստոս 10-ին ներկայանայ Քրեմլնի պալատ: Մանրամասութիւններ չկան: Քաղաքական դէտերը, սակայն, հարցերու շարան մը կը կապեն այս հրաւէրին ծնունդ տուող դրդապատճառներուն, որոնցմէ առաջնահերթութիւնը կը տրուի Արցախ-Ազրպէյճան խնդիրին: Ամէն ժողովուրդ իր պատմութեան ընթացքին վերիվայրումներու մէջէն կ’անցնի: Երբեմն յաջողութեամբ, երբեմն ձախողութեամբ հարցեր կը դիմագրաւէ: Պարզ է արդիւնքը, անմիջականօրէն կախեալ է շատ մը ազդակներէ, որոնք բոլորն ալ ուժերու բաղդատական զօրութեան հետ կ’առնչուին: Զօրութիւն բառը ինքնին բազմերանգ հասկացողութիւն է:
Այսօրուան դրոյթով, երկրի մը ուժին հիմնական կռուանները զինական եւ տնտեսական ուժերն են: Որեւէ երկիր իր ԱՐՏԱՔԻՆ քաղաքական կապերը եւ գործունէութիւնը կ՛որոշէ` հիմնուած այդ երկու տուեալներուն վրայ: Այդ քաղաքականութիւնը իր էութեամբ շուկայական ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ բնոյթ ունի. ի՞նչ պիտի տաս, ի՛նչ առնելու համար: Աւելի՛ն. որքա՞ն պիտի տաս, ի՛նչ ապահովելու համար: Պետութիւնները, սակայն, ուժի երկրորդ յենակէտ մըն ալ ունին, որ ՆԵՐՔԻ՛Ն է, որ անմիջականօրէն կապուած է տուեալ երկրի ժողովուրդի՛ն հետ: Պետութիւն մը առանց իր ժողովուրդի զօրակցութեան` տեսակ մը որբ է:
Գիտակից ժողովու՛րդն է, որ նեցուկ կանգնելով իր երկրի պետութեան` անոր, ժողովուրդին խօսքով, «կռնակը կը զօրացնէ»: Պատմութեան այս հանգրուանին մենք, մեր երկիրը, մեր պետութիւնը այս երկրորդ յենակէտին հրատապ կարիքը ունինք: Հայաստան այսօր գնդակի նման նետուած է կացութիւններու բարդ դաշտ մը, ուր գերպետութիւնները` Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա, Կովկասի մէջ իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերու թիրախը դարձուցած են` Հայաստան, Ազրպէյճան, Թուրքիա երրեակ թնճուկը: Ո՞րն է այս երեք երկիրներէն գերպետութիւններու շահերուն նպաստող ամէնէն պարարտը: Այս խաղին մէջ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա զօրաւոր ձեռնաթուղթ ունին, հիմնականապէս կեդրոնացած` Թուրքիոյ Ինճիրլիք օդակայանի եւ Ազրպէյճանի նաւթահորերու ուժին վրայ: Տխուր իրականութիւնը այն է, որ, այդ մակարդակի վրայ, այդ շուկային մէջ Հայաստան ոչինչ կրնայ տալ` հաւասարակշռելու եւ յագեցնելու գերպետութիւններու ախորժակները: Բայց այս չի նշանակեր, որ ազգովին գլուխ ծռած` դէպի սպանդանոց երթանք:
Կայ կամայական ուժը, կայ ազգային դիմադրականութիւնը, կայ պատմութեան յարատեւութեան կառչելու ուժը, որ մեր պատմութեան ընթացքին դրսեւորուած է: Ամէնէն պայծառ օրինակը տեղի ունեցաւ ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան օրօք, 1903-1905 տարիներուն, երբ Ռուսիա մեր ազգային գանձերը կ՛ուզէր զաւթել: Այն ատեն ալ մեր ազգը, ընդունուած «զօրութեան» յենակէտները` զինական եւ տնտեսական ուժերը չունէր, բայց յենեցաւ երկրորդին` ազգային յարատեւութեան գիտակցութեան: Եւ ա՛յդ վերածեց դիմադրական զէնքի: Ազգը արթնցաւ, դարձաւ հաւաքական բանակ` պահպանելու իր արժանապատուութիւնը: Երբ Խրիմեան Հայրիկ, մեր պատմութեան խրոխտ արծիւը, հայրենի հողին վրայ կատարած իր ճամբորդութեան ընթացքին դէմ յանդիման եկաւ իր ժողովուրդին, լսեց իր գիտակից զաւակներու ամէնէն զօրաւոր ձայնը` «Հայրի՛կ, չյանձնե՛ս»: Այս խօսքը, ամէնէն զօրաւոր ուժն է, որ ազգին պետը կրնայ լսել իր «զաւակներէն»:
Այսօր ալ նո՛յնն է կացութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը` Փութին, օգոստոս 10-ին «հրաւիրած» է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը… խորհրդակցելու: «Խորհրդակցելու»… հետաքրքրական է նրբասացութիւնը, մեծ «հոգատարութիւն»-ը, քաղաքական փափկանկատութիւնը: Սխալած չենք ըլլար ենթադրելու, որ յարգարժան Փութին մտահոգող հարցը վերը նշուած` «երրեակ թնճուկ»-ին առնչուած ըլլալու է: Մեծ պետութիւնները «գլխացաւ» չեն ուզեր: Իրենց բնական ընթացքը չեն ուզեր կասեցնել կամ խանգարել: Առ այդ, կը սպասուի, որ Փութին «լուծո՜ւմ» պիտի առաջարկէ… Մեկնելով 2016-ի ապրիլեան պատերազմի դէպքերէն, Փութինի` Ազրպէյճանի ոտնձգութեան նկատմամբ յայտնաբերած բացարձակ լռութենէն, պատահարին համակերպումէն եւ… չորս ամիս ետք երկրորդ անգամ «հրաւիրելուն»…
Ըստ երեւոյթին, «եզրակացութեան» մը յանգած է, եւ այդ է դրդապատճառը այս հրաւէրներին: Հայաստանի նախագահին ուղղած այս «հրաւէր»-ը յղի է վտանգաւոր ենթադրութիւններով: Ազրպէյճան-Արցախ փոխյարաբերութեան վերաբերեալ, ամէնէն հիմնական հարցը տարածքային խնդիրն է: Փութին իր օրակարգը ունի, որ օգոստոս 10-ին պիտի բացայայտուի: Մինչ այդ հայ ազգն ալ ի՛ր օրակարգային կեցուածքը պէտք է դրսեւորէ: Ինչպէս որ հարիւր տասը տարի առաջ մեր ազգը միահամուռ կեցուածքով իր հոգեւոր հօր` Խրիմեան Հայրիկին «կռնակ կեցաւ» եւ Էջմիածնայ գանձերը չյանձնելու զօրակցութիւնը յայտնեց` «Հայրի՛կ, չյանձնե՛ս» նշանաբանով, այսօր ալ մեր ազգային ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒ՛ՆՆ է աշխարհով մէկ, ամէն տեղ, Երեւանէն մինչեւ Ամերիկանները, Աւստրալիա, Եւրոպա, Միջին Արեւելք, քաղաքական հաւաքներ պէտք է կազմակերպել` մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Հայաստանի կառավարութեան: Մեր երկրի նախագահին պէտք է զօրակցինք, որպէսզի եթէ Փութին մեր ազատագրած հողերու մասին խօսք բանայ, նախագահ Սերժ Սարգսեան հիմք ունենայ ըսելու` «ազգիս ձայնն է իմ ուղղութիւնը»: Այնպէս` ինչպէս Վարդանանցին Ազգը խօսեցաւ, այնպէս` ինչպէս Սարդարապատին Ազգը խօսեցաւ, ահաւասիկ այսօր ալ ԱԶԳԸ ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻ ԱՐԻՒՆՈՎ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ ԵՏ ՉԵՆ ՏՐՈՒԻՐ նշանաբանով:
Մեր հաւաքները պէտք է նաեւ ուղղուած ըլլան Ռուսիոյ նախագահին` աշխարհի տարածքին ռուսական դեսպանատուներուն միջոցով, որ Փութին ԱՐԴԱՐՕՐէ՛ն մօտենայ մեր պատմական հարցին, քաջութիւնը ունենայ սրբագրելու իր նախորդներու` Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան հիմնական սխալը: Կորպաչով Խորհրդային Միութեան փլուզման ատեն չսրբագրեց այդ սխալը: Նախագահ Փութին քաջութիւնը եւ գիտակցութիւնը պիտի ունենա՞յ պատմութիւնը սրբագրելու` Արցախի անկախութիւնը վերահաստատելու եւ պատմութեան մէջ անցնելու որպէս արդարամիտ ղեկավար: Պատմութիւնը մեզմէ ՄԻԱՀԱՄՈՒՌ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ կեցուածք կը պահանջէ: Օգոստոս 10-երը պիտի գան ու երթան, սակայն Հողին խորհուրդը յաւիտենական է:
6 օգոստոս 2016, Երեւան, Հայաստան