Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

September 26, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքը ծաղկեպսակ կը զետեղէ Կանայի նահատակներու դամբարանին

«Համագործակցութիւն եւ սէր» կարգախօսին էութեամբ առաջնորդուող իր քայլերուն ընդմէջէն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին երկօրեայ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ հարաւ, ուր շեշտեց ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը հարաւային Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը սկսաւ շաբաթ օր. անոր այցելութեան առաջին կայանը եղաւ Սուր քաղաքը, որուն բանալիները տրուեցան պատրիարքին` զայն մեծարելու իբրեւ խորհրդանիշ:

Ռայի պատրիարքը այցելեց Սէյիտաթ Պիհար եկեղեցին, ինչպէս նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանն ու ձկնորսներուն նաւահանգիստը:

Ռայի պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ անհետացած իմամ Մուսա Սատըրը իւրաքանչիւր լիբանանցիի հոգւոյն մէջ կենդանի է իր միտքերով եւ սկզբունքներով:

Ռայի պատրիարքը Սուրէն ետք ուղղուեցաւ Կանա, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեց Կանայի զոյգ սպանդներուն զոհուած նահատակներուն շիրիմներուն:

Կանայի մէջ Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ այն քարայրը, ուր Կանայի հարսանիքի ընթացքին Յիսուս Քրիստոս գործած էր իր առաջին հրաշքը` օրհնելով գինին:

Մարոնի համայնքի պատրիարքը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ խաչն ու մահիկը երբեք իրարմէ պիտի չբաժնուին, ընդհակառակն` անոնք իրարու կողքին մնալով պիտի ստեղծեն հաւասարակշռուած եւ միասնական ընկերութիւն մը: «Եւ այս է մարդկային գետնի վրայ գործուած մեծագոյն հրաշքը, որուն մէջ ներառուած է միայն Լիբանանը», շեշտեց ան:

Ռայի պատրիարքին ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, վարչական բարեկարգումի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց Ռայի պատրիարքին կատարած յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով ամուր ենթահող ազգային միացեալ կեցուածքի գոյացման ի խնդիր համագործակցելու:

Ֆընէյշ նշեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնները կ՛ամրապնդեն Լիբանանի դիմադրողականութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովեն Լիբանանի շահերն ու ապահովութիւնը` հզօրացնելով նաեւ Ժողովուրդ, Բանակ, Դիմադրութիւն տարազը:

Շաբաթ երեկոյեան Ռայի պատրիարքը այցելեց Ալմա Շաապ, ուր ողջունեց բնակիչներուն պայքարը` շեշտելով, որ առանց գոյատեւման այդ պայքարին ինք այսօր հոն ներկայ չէր կրնար գտնուիլ:

Ռայի պատրիարքը երեկոյեան Քլայաա գիւղաքաղաքին մէջ նախագահեց զինք ողջունելու առիթով մատուցուած պատարագին:

Շաբաթ օր Քլայաայի մէջ աւարտած Ռայի պատրիարքին հովուապետական այցելութիւնը երէկ առաւօտեան շարունակուեցաւ, երբ պատրիարքը այցելեց Մերժահիուն, Հասպայա, Խիամ եւ Նապաթիէ, Այն Իպլ եւ այլ շրջաններ, ուր արժանացաւ ժողովրդային եւ պաշտօնական ջերմ դիմաւորումի:

Հասպայայի մէջ Ռայի պատրիարքը ընդունուեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմի եւ Ասաատ Հարտանի եւ տիւրզի շէյխերու մեծ պատուիրակութեան մը կողմէ:

Տիւրզի հոգեւորական Ղալեպ Քայս իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց երկրին մէջ համագործակցութիւն եւ սէր հովանաւորող հոգեւոր պետը, որ ժողովուրդին կողմէ սիրուեցաւ իր յանդուգն կեցուածքներուն համար:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ շատ բարի իրականութիւն մըն է կիրակի օրը` Աստուծոյ օրը սկսիլ Պայյատայի մէջ, ուր կը զգանք Աստուծոյ գոյութիւնը:

Հասպայայի Մար ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ Ռայի պատրիարքը նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Լիբանան չի կրնար շրջանցել ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած միջազգային բանաձեւերը:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ժամանակը հասած է, որ Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական եւ համայնքային

բոլոր շերտերը ըլլան իրարու մօտիկ եւ բաց երկխօսութիւն կատարեն իրարու միջեւ:

Ռայի պատրիարք այցելեց նաեւ Քաուքապա եւ Պլաթ գիւղաքաղաքները, իսկ Մերժահիունի մէջ այցելեց յոյն ուղղափառ եւ յոյն կաթողիկէ համայնքներուն առաջնորդարանները:

Խիամի մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորուեցաւ զուգահեռ հնչող եկեղեցւոյ զանգերուն եւ մինարէներու Ալլահու աքպարին կշռոյթով, ինչպէս նաեւ արժանացաւ զինք դիմաւորող ժողովուրդի հոծ բազմութեան ջերմ ողջոյններուն:

Ռայի պատրիարքին ընկերակցեցան առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի:

Խիամի մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց Դիմադրութիւնը եւ երկրին փրկութեան համար զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ ողջունեց պատերազմի ընթացքին վիրաւորուածները, հաշմուածներն ու բռնագաղթի ենթարկուած ժողովուրդը:

Իր արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը յիշեց նաեւ գոյութեան պայքար մղած բնակիչները եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Իրենց կարգին, նախարար Հասան Խալիլ եւ երեսփոխան Մուասուի ողջունեցին Ռայի պատրիարքը եւ անոր կեցուածքները` անոր մէջ տեսնելով պատրիարքներու իմամը:

Նապաթիէի մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին

Խիամէն ետք Ռայի պատրիարքը այցելեց Այշէ եւ Քֆար Ռըմման, ապա Նապաթիէ, ուր` Մար Անթոնիոս վանքին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը` ի պատիւ մարոնիներու պատրիարքին:

Ռայի պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց, որ համագործակցութիւնը աւելի զօրաւոր դուրս գայ, քան` երկփեղկումը, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ սէրը յաղթէ մահուան:

«Ժամանակն է արդէն, որ մենք շրջանցենք վիրաւորանքն ու ցաւերը եւ բարի նպատակներու հիման վրայ կերտենք մեր երկիրը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Նապաթիէի մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրենք պատիւ կը զգան եւ կը հպարտանան Ռայի պատրիարքին յայտարարած «Համագործակցութիւն եւ սէր» կարգախօսով:

Ան նկատել տուաւ, որ նոյնիսկ ազգային երկխօսութիւնը, որ սիրոյ հիման վրայ չէ, կրնայ վերածուիլ բանավէճի եւ անդամալուծել երկրին քաղաքական կեանքը` քանդելով երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը այսօր հանդիպում մը ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` վերջինիս Մսայլեհի ապարանքին մէջ:

ՅԱՅՏՆԵՆՔ, որ Ռայի պատրիարքին կողմէ Միացեալ Նահանգներ կատարուելիք հովուապետական այցելութիւնը ջնջելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են շարք մը լուրեր, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը սերտէ Ռայի պատրիարքին անցագիրին մէջ ամերիկեան վիզայի սառեցումը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՒԱՐՏԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՆԿԱՏՈՒՈՂ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԶՕՐԱՀԱՆԴԷՍԸ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԻ ՍԱՌԵՑՆԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉԱՄԵՔԵՆԱՅԻ ՉԱՓԷՆ ԴՈՒՐՍ «ՏԱՔ ԳԼՈՒԽՆԵՐ»Ը

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։