Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Թուրքիան Կը Վերածէ Հսկայական Կուլակի Մը. Անոր Կարգ Մը Գործողութիւնները Կը Յիշեցնեն 1915 Թուականը

Օգոստոս 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Աներեւակայելի վտանգաւոր զարգացումներ տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ մէջ` դաւադիրները որսալու քողին տակ: Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձը անուանելով «Ալլահէն նուէր»` նախագահ Էրտողան այս առիթը կը չարաշահէ իր վաղեմի երազանքը իրականացնելու համար` դառնալ միաժամանակ ոչ միայն սուլթան, այլ նաեւ` Ստալին եւ Հիթլեր…

Յեղաշրջման փորձէն շատ չանցած` էրտողան հրամայեց ձերբակալել եւ աշխատանքէ դուրս դնել տասնեակ հազարաւոր սպաներ (որոնց շարքին` հարիւրաւոր զօրավարներ եւ ծովակալներ), ոստիկաններ, ուսուցիչներ, քաղաքացիական ծառայողներ, դատաւորներ եւ լրագրողներ, ինչպէս նաեւ` փակել հարիւրաւոր սեփական դպրոցներ: Այս գործողութիւնները այնքան արագ տեղի ունեցան, որ դժուար էր հաւատալ, թէ կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ կարելի էր կասկածեալներու վերաբերեալ նմանօրինակ սպառիչ ցուցակ կազմել: Իրականութեան մէջ թուրք  բռնապետը երբեք ալ կարիքը չունէր որեւէ ցուցակ նախապատրաստելու, քանի որ ան կը ձերբակալէր եւ գործէ կ՛արձակէր բոլոր անոնք, որոնք իր հետեւորդները չէին…

Յուլիս 20-ին, ձայներու 346 կողմ եւ 115 դէմ յարաբերակցութեամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուաւ երկրին մէջ 90-օրեայ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու օրինագիծին եւ Էրտողանի «քարտ պլանշ»` նախագահական հրամանագրերով 30 օր իշխելու համար: Այս երկու ժամկէտները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի երկարաձգուին: 115 երեսփոխանները, որոնք համարձակեցան դէմ քուէարկել այդ օրինագիծին, կրնան սուղ գին վճարել իրենց անհաւատարմութեան համար, քանի որ անոնք կրնան զրկուիլ երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ եւ մեղադրուիլ յեղաշրջման մասնակցելու յանցանքով: Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր անօրինական գործողութիւններու դատական բոլոր վերանայումները կանխելու նպատակով տեղեկացուց Եւրոպական Խորհուրդին, որ այլեւս պիտի չընդունի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի իրաւասութիւնը…

Նկատելի են որոշ ահազդու զուգահեռներ Էրտողանի վարչակարգի դաժան քայլերուն եւ Օսմանեան կայսրութեան` 1915-1923 թուականներու ցեղասպանութիւններու ժամանակ հայերու եւ միւս քրիստոնեաներու դէմ իրականացուած անգութ բռնութիւններու միջեւ.

1) Թրքական կառավարութիւնը արգելանք դրած է յուլիս 15-ի պետական յեղաշրջման կասկածեալներու ունեցուածքին վրայ: Անոնց հաւանական դատապարտումէն ետք այդ ունեցուածքը կը փոխանցուի պետութեան, ինչպէս այդ եղաւ 1915 թուականէն սկսեալ, երբ բռնագրաւուեցաւ աքսորուած ու սպաննուած հայերու եւ այլոց սեփականութիւնը:

2) Էրտողանի կողմնակիցները, որոնք սպաննուած կամ վիրաւորուած էին յեղաշրջման փորձի ընթացքին, փոխհատուցում կը ստանան կասկածեալ դաւադիրներու բռնագրաւուած ունեցուածքի հաշուոյն: Համանման գործողութիւն իրականացուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ. հայերէ թալանուած ունեցուածքը բաժնուեցաւ Պալքաններէն ներգաղթած թուրքերուն եւ երիտթուրքերու առաջնորդներու ընտանիքներուն, որոնք սպաննուած էին հայ վրիժառուներու ձեռքով…

Ընդդիմադիր «Ճումհուրիյեթ» թերթի խմբագիր Ճան Տիւնտար մեծ ռիսքի դիմելով` համարձակօրէն պնդեց, որ արտակարգ դրութեան պայմաններուն Թուրքիա կ՛ունենայ «բռնապետական վարչակարգ, որով կը սահմանափակուին ազատութիւնները, գրաքննութեան կ՛ենթարկուին լրատուական միջոցները, եւ կը վերանայ խորհրդարանը»: Ցաւօք, Տիւնտար չնշեց, որ այդ բռնութիւնները Թուրքիոյ մէջ վաղուց գոյութիւն ունէին, պետական յեղաշրջման փորձէն առաջ: Իրօք, Էրտողան իր բռնատիրական ծրագիրները բացայայտած է աւելի քան 10 տարի առաջ` յայտարարելով. «Ժողովրդավարութիւնը գնացքի պէս է: Դուն կը նստիս, որ տեղ մը երթաս, իսկ յետոյ կ՛իջնես»…

Էրտողան, հասնելով իր «գնացքով ճամբորդութեան» աւարտին, այժմ յայտարարած է, որ ինք կրնայ վերականգնել մահապատիժը «յեղաշրջման դաւադիրներու» նկատմամբ, իր քաղաքական մրցակիցներէն ձերբազատելու համար: Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները զգուշացուցած են թուրք ղեկավարը, որ նման քայլ մը մշտապէս կ՛արգելափակէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան…

Բացի այդ, «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը անցեալ շաբաթ ջախջախիչ զեկոյց  հրապարակեց` փաստագրելով կալանաւորներու իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներ եւ մեղադրելով Էրտողանը անվտանգութեան ուժերուն` զինուորներու խոշտանգումներուն, սոված պահելուն եւ նոյնիսկ բռնաբարութիւններու մասնակցելու յանցանքով…

Կալանաւորները նաեւ զրկուած էին իրենց փաստաբաններուն հետ տեսակցելու հնարաւորութենէն:

Էրտողան իր քաղաքական հակառակորդները մէջտեղէն վերցնելու մոլուցքով տարուած, պահանջած է Միացեալ Նահանգներէն` Թուրքիոյ յանձնել իր գլխաւոր մրցակից, իսլամական հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլենը` զայն մեղադրելով յուլիսեան յեղաշրջումը կազմակերպելու յանցանքով: Էրտողանի համախոհները ցեղապաշտական մօտեցմամբ փորձեցին վարկաբեկել Կիւլենը` մեղադրելով զայն նաեւ հայկական ծագում ունենալու եւ 50 տարի առաջ Պոլսոյ հայոց պատրիարքին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող նամակ գրելու յանցանքով…

Ազդեցիկ Իրաւաբաններու միջազգային յանձնաժողովը (ԻՄՅ) երկու զեկոյց  հրապարակած է յուլիս 18-ին եւ 21-ին` Էրտողանի վարչակարգի կոշտ միջոցները որակելով իբրեւ «կամայական եւ օրէնքի գերակայութեան հիմնարար սկզբունքին հակասող»: Աւելի՛ն. ԻՄՅ-ի գլխաւոր քարտուղար Ուայտլըր Թէյլըր զգուշացուցած է Թուրքիան. «Կան մարդու իրաւունքներ, որոնք երբեք չեն սահմանափակուիր, նոյնիսկ արտակարգ դրութեան ժամանակ, յատկապէս կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներու կամ դաժան վերաբերումի արգելանքը եւ կամայական ազատազրկման հիմնական տարրերն ու արդար դատաքննութեան իրաւունքը»:

Նախագահ Էրտողան աւելի մեծ վնաս հասցուցած է թուրք ժողովուրդին, քան այսպէս կոչուած դաւադիրները` ձերբակալելով եւ աշխատանքէ դուրս դնելով 60 հազար զինուորականներ, պետական պաշտօնեաներ եւ այլ քաղաքացիներ, իր այս արարքովն իսկ տկարացնելով երբեմնի հզօր ռազմական ուժը եւ վտանգելով երկրի ապահովութիւնը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Քաղաքականութեան Անապատացում

Յաջորդը

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն` Գերբաժակակիր

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?