«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ազրպէյճանական «ԱզերԹԱճ»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիա չի պատրաստուիր Հայաստանին ու Ազրպէյճանին «պատրաստ բաղադրատոմսեր» տրամադրելու:
Ան ընդգծած է, որ կողմերը պէտք է առանձին համաձայնութեան հասնին` առանց արտաքին ճնշումներու, ատիկա Ռուսիոյ յստակ դիրքորոշումն է:
Փութին ըսած է, որ փոխադարձ համաձայնութեան հասնիլը պէտք է ենթադրէ առաւելագոյն հաւասարակշռութիւն տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն միջեւ:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, լուծման վերջնական նպատակը այնպիսի համաձայնութիւնն է, որուն պարագային կողմերէն ոչ մէկը պիտի ըլլայ յաղթողի կամ պարտուողի դերին մէջ, զիջումները պէտք է փոխադարձ ըլլան, իւրաքանչիւր կողմի շահերը պէտք է հասկնալի ըլլան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հասարակական մտքին համար:
«Մենք անկեղծօրէն հետաքրքրուած ենք, որ շրջանին մէջ հաստատուի խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն, որպէսզի այլեւս անմեղ մարդիկ չզոհուին, բացուին սահմանները եւ վերականգնին տնտեսական կապերը», ըսած է Փութին:
«Մերթ ընդ մերթ կը լսենք, որ Ռուսիա կը փորձէ մենաշնորհի վերածել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման կապուած աշխատանքը, հեռացնել միւս միջնորդները: Ատիկա մոլորութիւն է: Ռուսիոյ նախագահին մասնակցութեամբ ղարաբաղեան հարցին շուրջ եռակողմանի վեհաժողովները կ՛ամբողջացնեն այդ տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերը: Նշեմ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները ներկայ եղած են Ս. Փեթերսպուրկի մէջ վերը նշուած եռակողմանի վեհաժողովի եզրափակիչ փուլին», յայտնած է ան:
Ռուսիոյ պետութեան ղեկավարը նաեւ նշած է. «Միւս կողմէ, 16 մայիսին Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ Վիեննայի մէջ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումին հրաւիրուած էին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական գործերու պետական քարտուղար Հարլեմ Տեզիր: Այդպիսի մօտեցումը այն բանի օրինակն է, որ ինչպէս կարելի է աշխատիլ միջազգային տագնապները լուծելու ընթացքին: Յոյսով եմ, որ միացեալ ջանքերով պիտի յաջողինք օգնել կողմերուն` հասնելու փոխադարձաբար ընդունելի լուծումին»: