Քորսիքայի Երեսփոխանները Կոչ Կ՛ուղղեն` Փակելու Ծայրայեղականութեան Որջ Եղող Պաշտամունքի Վայրերը
Ֆրանսայի Քորսիքա կղզիին երեսփոխանները որդեգրեցին որոշում մը, որ ֆրանսական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` փակելու կղզիին վրայ իսլամ ծայրայեղականութեան որջեր եղող պաշտամունքի վայրերը:
Աւելի կանուխ քորսիքական ազգայնական գաղտնի շարժում մը զգուշացուցած էր կղզիին վրայ գտնուող իսլամ ծայրայեղականները:
Որոշումը կը պահանջէ «անմիջապէս փակել» Քորսիքայի մէջ գտնուող «պաշտամունքի կամ հաւաքի վայրերը, որոնք ծայրայեղականութեան որջեր են կամ այդտեղ կը խօսուին ատելութիւն սերմանող ճառեր, որոնք բռնարարքներու համար բարենպաստ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն»:
Քորսիքայի ազատագրութեան ազգային ճակատ կոչուող քորսիքական ազգայնական գաղտնի շարժում մը տեղական «Քորս Մաթեն» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը ճամբով Քորսիքայի մէջ գտնուող իսլամ ծայրայեղականները զգուշացուցած էր, թէ անոնց կողմէ կղզիին վրայ գործուած որեւէ յարձակում «խիստ եւ անողորմ պատասխանի պիտի արժանանայ»:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս երէկ յայտարարեց, որ ինք զօրավիգ կը կանգնի Ֆրանսայի մէջ մզկիթներու արտաքին ֆինանսաւորումը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու գաղափարին: