Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Խստօրէն Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Նպատակներով Բռնութեան Օգտագործումը

Յուլիս 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Toner_72016

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ խստօրէն դատապարտած են Հայաստանի ոստիկանութեան դէմ զինեալ յարձակումը եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են` «զսպուածութիւն» ցուցաբերելու պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ պատանդներ պահած զինեալներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

«Մեր ցաւակցութիւնն ու աղօթքը կը յղենք կիրակի օր Երեւանի Էրեբունի թաղամասի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին իբրեւ հետեւանք զոհուած եւ վիրաւորուած ոստիկաններուն ընտանիքներուն», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր:

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի կամ որեւէ այլ վայրի մէջ քաղաքական նպատակներով բռնութիւններու օգտագործումը», ըսած է Թոնըր:

«Մենք Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` իրավիճակին մօտենալու հարկ եղած զսպուածութեամբ», աւելցուցած է ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները քաղաքական փոփոխութիւններու ուղի կը նկատեն ժողովրդավարական հոլովոյթները, «եւ մենք շրջահայեացութեան կոչ կ՛ուղղենք բոլոր այն մարդոց, որոնք կը կարծեն, թէ բռնութիւնը կրնայ քաղաքական նպատակներու հասնելու ընդունելի ուղի ըլլալ»:

Դեսպան Միլզ Քաղաքական Փոփոխութեան Համար
Բռնութիւնը Անընդունելի Կը Նկատէ

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ 20 յուլիսին անդրադառնալով Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի մը վրայ կատարուած զինեալ յարձակման` յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւններ կատարելու համար բռնութիւնը երբեք ընդունելի տարբերակ չի կրնար ըլլալ:

«19 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ այս մասին հարց տրուեցաւ: Մեր կողմէ Հայաստանի իշխանութիւնները յորդորեցինք` իրավիճակը զսպուածութեամբ եւ արհեստավարժ ձեւով լուծելու: Հիմա ժամանակն է, որ բոլոր հայերուն կողմէ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ յարգանք դրսեւորուի, որպէսզի իրավիճակը խաղաղօրէն լուծուի, ինչ որ, կը կարծեմ, բոլորին փափաքն է», նշած է դեսպանը:

Ան դիտել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը ուշադիր կը հետեւին իրավիճակին: Դեսպանը, դեսպանութեան եւ իր անունով, ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած սպային հարազատներուն:

 

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Յաջորդը

Խորենացի Փողոցին Մէջ Բախումներ Ոստիկանութեան Եւ Ցուցարարներուն Միջեւ

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?