Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Քննարկեց Ելեւմուտքի Նախարարին Տեղեկագիրը Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ 2017-ի Ամավարկը Վաւերացնելու Առաջարկին

July 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_cabinet_meeting_71816

Կառավարութիւնը երէկ գումարեց ելեւմտական մարզին վերաբերող յատուկ նիստ մը, նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ հաստատեց, որ կառավարութիւնը աւելի քան երեք ժամ տեւած նիստի մը ընթացքին քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը, քննարկելով այդ մասին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի պատրաստած տեղեկագիրը:

Ժրէյժ նշեց, որ ելեւմուտքի նախարարը  տեղեկագիրին ընդմէջէն առաջարկած էր օրինական ժամկէտներու շրջագիծին մէջ պատրաստել 2017-ի ամավարկը եւ զայն վաւերացնել:

«Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ բարեկարգելու ելեկտրականութեան մարզը եւ մեկնարկելու քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը», ըսաւ Ժրէյժ:

Նիստին ընթացքին աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ երկրին ելեւմտական տագնապը տնտեսական իրավիճակին տագնապն է, իսկ այդ երկուքը հետեւանք են Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապին:

Այս առումով, Քազզի անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զանց կացուցելու կարեւորութիւնը, ապակեդրոնացեալ գործելակերպի դրութեան որդեգրումը, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան հաստատումը:

Ան կոչ ուղղեց նախարարաց խորհուրդի միասնականութեան` նոր ամավարկին վերաբերեալ:

Նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ ինք մաղթած է, որ ամավարկը ներառէ նաեւ ուսուցիչներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումը:

Ներքին գործոց եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեցին, որ ամավարկը վաւերացնելու առումով համախոհութեան մթնոլորտ մը գոյութիւն ունի:

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերեալ Գոյանալիք Համաձայնութիւնը Նախագահութեան Թեկնածուէն Կարեւոր Է» Շեշտեց Ժոմպլաթ

Յաջորդը

Զուիցերիան Պատրաստ Է Միջնորդ Դառնալու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.