
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու համար Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւա մեկնելէ առաջ օդակայանին մէջ Սուրիոյ մասին յայտարարութիւններ ըրած է:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, Էրտողան նշած է. «ՕԹԱՆ-ը շատ աւելի ջանքեր պէտք է գործադրէ Թուրքիոյ անվտանգութեան վրայ բացասաբար ազդող իրադարձութիւններուն դէմ դնելու համար»:
«Այս վեհաժողովը տեղի կ՛ունենայ շատ վճռորոշ ժամանակաշրջանի մը: Գաղթը կ՛ազդէ ամբողջ աշխարհին վրայ: ՕԹԱՆ-ը այս փուլին պէտք է աւելի աշխուժ ըլլայ, այս սպառնալիքներուն դիմակայելու համար ինքզինք վերանայի», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Սուրիոյ ճգնաժամին` Էրտողան նշած է, որ անկարելի է այդ հարցը թերագնահատել: «6 տարուան մէջ շուրջ 600.000 մարդ մահացած է: Ստեղծուած կացութեան պատճառով Սուրիան կը գտնուի քարտէսէն ջնջուելու վտանգին տակ: Անկարելի է աչք փակել այս պատմական երկիրի ջնջման ի տես», նշած է Թուրքիոյ նախագահը` անգամ մը եւս մէջբերելով տեղահանուածներու հարցը:
Ըստ անոր, Թուրքիան այդ հարցին մէջ միշտ համբերատար եղած է, սակայն իրենք կ՛ուզեն, որ բարեկամ երկիրները աջակցին իրենց:
«Քանի որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի դաշնակից երկիր է, ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները պէտք չէ զայն առանձին ձգեն», ըսած է Էրտողան` յիշեցնելով, որ աշխարհը տեղահանուածներու հարցով իրենց կ՛աջակցի ընդամէնը 550 միլիոն տոլարով, մինչդեռ սպառնալիքը շատ մեծ է:


