Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Կը Յուսայ Շարունակել «Թրքական Հոսք»-ի Շուրջ Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութիւնը

Յուլիս 12, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Zeybekci_71116

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտարարած է, որ Անգարան լիայոյս է, որ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի նախագիծի շուրջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:

Զէյպեքճի` ամփոփելով Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման առաջին փոխնախարար Ալեքսէյ Լիխաչեւի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Մենք այդ նախագիծին հետ կապուած որեւէ խնդիր չունինք: Սուրիական տագնապին ընթացքը որեւէ ձեւով չէ ազդած «Թրքական հոսք»-ին վրայ: Անշուշտ այդ հարցով բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, պիտի խօսինք: Շուտով ուժանիւթի նախարարները եւս բանակցութիւններ պիտի վարեն»:

Բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Քսաններու առեւտուրի նախարարներու հանդիպումին ծիրին մէջ:

Ան նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բնական ընթացքի մէջ մտնելէ ետք, Թուրքիա կ՛ակնկալէ վերսկսիլ բանակցութիւնները ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման հարցին վերաբերեալ:

«Վեց ամիս առաջ մենք շատ դրական կէտի վրայ էինք: Մենք սկսած էինք բանակցութիւնները Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ: Ատիկա շատ բան կը նշանակէ: Այժմ մենք պիտի շարունակենք նոյն կէտէն, որ կանգ առած էինք», ըսած է ան:

Միւս կողմէ` Ռուսիոյ զբօսաշրջական ընկերութիւններու ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Մայա Լոմիծէ «Կովորիթ Մոսքվա» ձայնասփիւռի կայանէն յայտնած է, որ Ռուսիայէն Թուրքիա չարթըր թռիչքները կրնան վերսկսիլ յուլիսի աւարտին:

Ան բացատրած է, որ նախ պէտք է վերցուի  չարթըր թռիչքներ կատարելու արգելքը, որուն պէտք է հետեւի «Ռոսավիացիա»-ի հրահանգը եւ միայն ատկէ ետք կրնան թռիչքներ կազմակերպուիլ: Լոմիծէի նախատեսութիւններով` յուլիս ամսուան աւարտին կամ օգոստոսի սկիզբը արդէն թռիչքներ պիտի կատարուին:

Անցեալ ուրբաթ Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած էր, որ երկրի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յանձնարարած է նախարարութիւններուն մէջ շաբթուան ընթացքին կառավարութեան ներկայացնել դէպի Թուրքիա չարթըր թռիչքներու վերականգնման մասին առաջարկները:

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Արքատի Տվորքովիչ յայտարարեց. «Ռուսիա կը սպասէ, որ չարթըր թռիչքներու շարունակման համար Թուրքիան երաշխիքներ ներկայացնէ»: Ան նշած է, որ իրենց սպասածը ապահովական երաշխիքներ են:

 

 

 

Նախորդը

Պէյշեհիրի Բնակիչները Կը Մերժեն Սուրիացի Տեղահանուածներու Ներկայութիւնը

Յաջորդը

«Եուրօ-2016»-ի Աւարտական Մրցումի Ծիրին Մէջ Անկարգութիւններու Պատճառով. Ոստիկանութիւնը Փարիզի Մէջ 40 Անձեր Ձերբակալեց

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?