Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ` «ԾՐԱԳՐՄԱՆ, ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԵՒ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄ» ՆԻՒԹՈՎ

September 22, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2011-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերամուտի նախօրեակին կազմակերպուելիք ձեռնարկներու շարքին երկրորդը` աշխատանքային սեմինար, որուն նիւթն էր «Ծրագրման, դասաւանդման եւ արժեւորման հոլովոյթներու համադրում»:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս, Ալպերթայի համալսարանի երկրորդական ուսման բաժանմունքի դոկտորայի թեկնածու Յակոբ Եագուպեանը, որ նաեւ այս շրջանին այցելու դասախօս է Պէյրութի ամերիկեան եւ Հայկազեան համալսարաններուն մէջ:

Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերած ազգային վարժարաններու ուսուցիչներն ու տնօրէնները համախմբուեցան կլոր սեղաններու շուրջ, որոնք տեղադրուած էին սրահին մէջ` ըստ դասանիւթի եւ դասարանի` նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական:

Սեմինարը բաժնուած էր երեք հանգրուաններու. առաջին հանգրուանով աշխատանք տարուեցաւ նիւթի եւ անոր բաժանումներու արժեչափերուն վրայ: Երկրորդ հանգրուանով` ինչպէս պատրաստել դասանիւթերու արժեւորման նախագիծը, իսկ երրորդ հանգրուանով ուսումնասիրուեցան դասաւանդման միջոցները, որոնց արժեչափերուն համապատասխանող դասաւանդումը կարելի պիտի ըլլայ դասարաններուն մէջ:

Յակոբ Եագուպեան նկատել տուաւ, որ սոյն սեմինարի նպատակն էր ծրագրում, դասաւանդում եւ արժեւորում իրար միացնելով զուգահեռ մը գծել, որովհետեւ տարեկան կրթական ծրագիր մշակելու համար անհրաժեշտ է, որ յիշեալ երեքը` ծրագրում, դասաւանդում եւ արժեւորում զուգահեռաբար ընթանան:

Նշենք, որ սեմինարին ընթացքին առիթ տրուեցաւ իւրաքանչիւր խմբակի, որ ներկայացնէ իր տեսակէտը` իր դասաւանդած նիւթին համաձայն:

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՓՐՈՖ. ԱՐՇԱԿ ՓՈԼԱՏԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԵԾ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.