Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան. Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Սոֆիա» Գիրքին Գինեձօնը

Յունիս 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

NS4H3903-copy

Կազմակերպութեամբ Զէյթունի հայրենակցական միութեան վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պատկեր» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի նոր լոյս տեսած «Սոֆիա» գիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը` ներկայութեամբ մշակութասէր հանրութեան:

Ձեռնարկը սկսաւ Զէյթունի քայլերգով եւ Զէյթունի հայրենակցական միութեան հոգեւոր խորհրդատու  Թաթուլ աբղյ. Գարտանաքեանի աղօթքով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց միութեան երէց անդամ Պերճ Արապեան: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը կրցաւ դիմադրել պատմութեան արհաւիրքներուն եւ կանգուն մնաց շնորհիւ իր մշակոյթին ու գրականութեան` աւելցնելով, որ Զէյթունը դարեր շարունակ գիտցաւ գնահատել, պահել եւ պաշտպանել գիրն ու գրականութիւնը: Ան թուեց կարգ մը զէյթունցի պատմական դէմքեր ու տիտաններ, որոնք անմահացուցած են հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը, որոնց լաւագոյն օրինակներէն է Միսաք Ուլնեցի (Միսաք Սիսեռեան), որ եղած է կրթական մշակ, ազգային գործիչ, ուսուցիչ, տնօրէն, բանաստեղծ, գրագէտ, լրագրող, հիմնադիր եւ ատենապետ Հալէպի Զէյթունի հայրենակցական միութեան, հիմնադիր Տէր Զօրի հայոց եկեղեցւոյ եւ դպրոցի սեփական շէնքին եւ հեղինակը «Պատմութիւն Զէյթունի» հատորին: Արապեան յայտնեց, որ Միսաք Ուլնեցիի (Միսաք Սիսեռեան) դուստրը` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան, իր հօր անտիպ էջերը հրատարակելէ ետք պատմութեան կը յանձնէ իր մօր կեանքն ու նուիրումը «Սոֆիա» գիրքին հրատարակութեամբ` աւելցնելով, որ սոյն գիրքով Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան կ՛անմահացնէ թուրքի եաթաղանէն ճողոպրած մօր կեանքն ու գործունէութիւնը, որովհետեւ ան հաւատացած է, որ փառքը կ՛անցնի` վարքը կը մնայ, կեանքը կ՛անցնի` յուշը կը մնայ, մարդը կ՛անցնի` գործը կը մնայ, խօսքը կ՛անցնի` գիրը կը մնայ:

Ապա Եւնիկէ Եագուպեան կարդաց «Սոֆիա» գիրքէն հատուածներ, որմէ ետք գիրքի գրախօսականը կատարեց դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան: Նախ ան կարեւոր նկատեց Լիբանանի մէջ  Զէյթունի հայրենակցական միութեան, ինչպէս նաեւ այլ միութիւններու գործունէութիւնը, ինչ որ ազգի պահպանման, յիշողութեան եւ ներկայութեան փաստագրական եւ վաւերագրական երեւոյթն է:

Ան ըսաւ, որ գիրքը թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ եղած եւ գաղթականի ծանր բեռը կրած ընտանիքի պատմութիւնն է` աւելցնելով, որ հեղինակը պատկերաւոր, խորիմաստ, նրբազգաց ձեւով պատկերացուցած է իր ընտանիքին կեանքը, որ ոչ միայն մէկ ընտանիքի պատմութիւնն է, այլ նաեւ մեր ազգի, ժողովուրդի այդ ժամանակաշրջանի վաւերագրութիւններէն է, ինչ որ կը հանդիսանայ գիրքի մեծ արժէքներէն: Դոկտ. Յովհաննիսեան մէջբերումներ կատարեց գիրքի խմբագիր դոկտ. Երուանդ Քասունիի գրութենէն: Ան յայտնեց, որ գիրքի բաժիններու ցնցիչ խորագիրները կը բացայայտեն անոր ամբողջ բովանդակութիւնը եւ ցոյց կու տան Ցեղասպանութեան զոհ դարձած մարդոց անցած ճակատագրական ճանապարհը: Դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան ըսաւ, որ հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ իրենց ընտանիքին բոլոր անդամները` իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ: Ան նկատել տուաւ, որ հին սլաւոնական լեզուով, նաեւ պուլկարերէնով «Սոֆիա» բառը կը նշանակէ իմաստուն, իմաստութիւն: Շարունակելով իր խօսքը` Դոկտ. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ երբ Սոֆիայի կենսագրութիւնը կը կարդանք, կը նկատենք, որ ան մանկութենէն զրկուած է իր ծնողներէն, գաղթի ճանապարհէն անցած է, սակայն վերջապէս Հալէպի որբանոցին մէջ հանգիստ կեանք ապրած է: Իմաստուն Սոֆիան ապրած է աւելի քան 80 տարի, ստեղծագործած է իր կեանքի ընթացքին եւ իր կեանքը ձօնած է ամէն ինչի: Անդրադառնալով գիրքի կառուցուածքին եւ լեզուին ան ըսաւ, որ անիկա շատ մատչելի եւ բանաստեղծական է: «Այս գիրքը բացայայտօրէն իւրօրինակ ձօներգ է հեղինակէն` իր մօրը: Դստեր կողմէ իր հարազատ մօր ձօնուած սիրոյ պատում մը», եզրափակեց դոկտ. Յովհաննիսեան:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան, որ մեկնաբանեց Սայաթ Նովայի «Թամամ աշխարհ» եւ «Պլպուլիկիս», ինչպէս նաեւ «Ազգ փառապանծ» երգերը:

Այնուհետեւ Թաթուլ աբղյ. Գարտանաքեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մայրեր չկրցան իրենց զաւակներուն ուտելիք հայթայթել, սակայն անոր փոխարէն ոգեղէն հացով սնուցեցին զիրենք. այդ որբերը տեսան միայն ցաւ, տառապանք ու զրկանք, եւ այդ ոգեղէն հացն է, որ այսօր մեզի կը հրամցնէ գրագիտուհին այս գիրքին ճամբով: Անդրադառնալով գինեձօն բառին նշանակութեան` հայր սուրբը ըսաւ, որ այդ բառը եկած է հին դարաշրջաններէն` աւելցնելով, որ հայութեան համար բոլոր մրգեղէններուն մէջ ամէնէն սուրբը եւ նուիրականը խաղողը եղած է, եւ գինին որ կը շինուի խաղողէն, անով կ՛օծուէին բոլոր պտուղները: «Մենք գիրքը կ՛օծենք գինիով` իբրեւ արտայայտութիւն սրբութեան», հաստատեց հայր սուրբը եւ շնորհաւորեց գիրքի հրատարակութիւնը, հեղինակը եւ կարդացողը` շեշտելով, որ գիրքին արժէքը անոր կարդացուելուն մէջ է:

NS4H3985-copy

Այնուհետեւ կատարուեցաւ գիրքի գինեձօնը, որմէ ետք խօսք առաւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան, որ նկատել տուաւ, որ բաւական դժուար հանգրուաններէ անցած էր գիրքը գրելու հոլովոյթը, որովհետեւ իրեն համար շատ դժուար էր ապրիլ իր մօրը ցաւերը, զորս լսած էր մանկութենէն մինչեւ պատանեկութիւն, սակայն որոշած էր անպայման գրել: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց ամենակալ Աստուծոյ, որ իրեն պարգեւած էր ուժ եւ կորով, որպէսզի ամբողջացնէ գիրքը: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց գիրքի խմբագիր դոկտ. Երուանդ Քասունիին, բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարեցին գիրքի հրատարակութեան, նաեւ Զէյթունի հայրենակցական միութեան, որ իրեն շնորհեց սոյն հոգեպարար պահը: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն գիրքով ինք կ՛ուզէր բացայայտել այն իրողութիւնը, որ իր մայրը, հակառակ իր դժուար եւ տառապալից կեանք մը ունենալուն, չէր դառնացած կեանքին հանդէպ եւ միշտ սրտբաց օգտակար դարձած էր բոլորին: Հեղինակը իր խօսքը աւարտեց գերմանացի հեղինակ Կէօթէի այն խօսքով, թէ` «Կ՛ապրի ան, որ կ՛ապրի ուրիշներուն համար»` աւելցնելով որ իր մայրը այս սկզբունքով ապրած է իր կեանքը:

Աւարտին հեղինակը մակագրեց իր գիրքը:

Նախորդը

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարարուեստի Դպրոցի Փառահեղ Ելոյթը

Յաջորդը

Բրիտանիան Դուրս Կու Գայ Եւրոպական Միութենէն

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?