Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարարուեստի Դպրոցի Փառահեղ Ելոյթը

Յունիս 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

27271370273_d64923ab3d_o

Համազգայինի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցին փառահեղ ելոյթն էր: Ոչինչ կը գերազանցէր այն հրճուանքն ու բերկրանքը, որ պարգեւեցին 300 եւ աւելի հայ մանուկներ` իրենց հրաշալի ելոյթներով ու բեմական գեղեցիկ կատարումներով: Բեմին վրայ կը խայտառ հայ  սերունդ մը, որ շնորհիւ Համազգայինի պարարուեստի դպրոցին, կը թրծուի մարդկային եւ ազգային լաւագոյն յատկանիշներով:

Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» կեդրոնի սրահին մէջ: Ելոյթի պարուսոյց ու գեղարուեստի պատասխանատուներն էին Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններ, որոնց բծախնդիր ջանքերով ու պատասխանատուութեամբ յաջողութեամբ իրականացաւ ձեռնարկը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ  ողջունեց ներկաները Համազգայինի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի տարեկան ելոյթին առիթով եւ ըսաւ, որ Համազգայինի արուեստի բոլոր դպրոցները հայաշունչ եւ հայատրոփ մշակութային գիտելիքներու եւ ուսուցման կրթօճախներ են: Ան յայտնեց, որ «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցը այս տարի հանրութեան կը ներկայանայ այլ ոճով եւ արուեստի բազմապիսի ճաշակով ու երանգով: Ելոյթի իրականացման մէջ մեծ բաժին ունեցան տէր եւ տիկին Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները: Գապասագալեան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց պարուսոյցներուն, Աննա Ամասիին, ծնողական օժանդակ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք  բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսացան  ելոյթի յաջողութեան եւ իրականացման:

27806844581_f7c1751029_o

Յայտագիրը, որ ընթացաւ երկու բաժինով, կը զարմացնէր իր բազմազանութեամբ եւ նորութիւններով. առաջին արարով «Գայեանէ»-ն հանդէս եկաւ հայկական նրբաճաշակ պարերով, ինչպէս` «Վարդագոյն աղջիկներու պար», «Բերդ պար», «Արտաշատի պար», «Մախմուր աղջիկ», «Մենք ենք մեր սարերը» եւ «Տաւիղ». ուշագրաւ էին հայկական տարազներու առանձնայատկութիւնն ու գեղեցկութիւնը:  Ասոնց կողքին  օտար եւ արեւելեան եղանակներու բեմականացուած պարերով մանուկները եւ պատանիները հանդիսատեսին հրամցուցին փունջ մը պարարուեստի աշխարհէն:

Երկրորդ արարով «Գայեանէ»-ի աշակերտները թատերապարով ներկայացուցին մանկական աշխարհի հեքիաթներէն Մոխրիկը: Համազգայինի պարարուեստի դպրոցը իր 300 աշակերտներով առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան կը ներկայանար թատերապարով:

Այս արարի ընթացքին հայրենիքէն յատուկ հրաւիրուած արուեստագէտ Աննա Ամաս աւազէ ստուերանկարներ պատրաստեց եւ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանահայութեան ներկայացուց: Մինչ թատերապարի բաժինները կ՛իրականանային, Աննա Ամաս աւազով կառուցուող պատկերները շատ արագ կը փոխէր` մանուկներու ելոյթին հետ աքրքրական մթնոլորտ ստեղծելով:

Կարելի է ըսել, թէ ազատ եւ անկաշկանդ բեմականացումը աւելի իմաստաւորուեցաւ գունագեղ հանդերձանքով ու աւազէ ստուերային պատկերներով:

Փոքրիկներու ոգեւորուածութենէն վարակուեցաւ նաեւ լեփ-լեցուն սրահը իր հանդիսատեսով: Մանուկները կրցած էին ընկալել իրենց դերակատարութիւնը  բեմին վրայ եւ զայն դրսեւորեցին առինքնող վայելչութեամբ:

Աւարտին հարուստ  էր բեմը մանուկներով, որոնց երկար ծափողջոյններով  խրախուսեց պարարուեստով հետաքրքրուած հանդիսատեսը, որ ծաղկեփունջերով պատուեց պարուսոյցներն ու արուեստագէտը:

 

 

Նախորդը

Յաւերժ Երիտասարդը` Զարեհ Մալճեան

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան. Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Սոֆիա» Գիրքին Գինեձօնը

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?