
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան թենիսի «Տէյվիս Քափ»ի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Արժանթին եւ Սպանիա ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: Արժանթին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սերպիոյ, մինչ Սպանիա` Ֆրանսայի` 4-1 արդիւնքով: Նշենք, որ աւարտականը տեղի կ՛ունենայ 1-4 դեկտեմբերին:
Արժանթինի արձանագրած յաղթանակին մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-4, 4-6, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վիքթոր Թրոյքին:
Նովաք Տիոքովիչ Խուան Մարթին Տել Փոթրոյի դէմ կատարած իր մրցումը կիսատ ձգեց` նկատի ունենալով, որ կռնակի զօրաւոր ցաւ ունենալով քաշուեցաւ մրցաշարքէն, մինչ մրցումը կ՛ընթանար ի նպաստ արժանթինցիին` 7-6 եւ 3-0 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի Սպանիա – Ֆրանսա մրցումին (4-1), Ֆրանսայի միակ յաղթանակը արձանագրեց Միքայէլ Լոտրա – Ճօ Ուիլֆրիտ Ցոնկա զոյգը:
Ռաֆայէլ Նատալ անհատական երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց:


