Թուրքիոյ մէջ քրտական ինքնութեան կամ քրտական մտաւորական եղափոխութեան ամբողջացման հարցով բանավէճի հասունացումէն առաջ, ատիկա քրէականացուեցաւ եւ ահաբեկուեցաւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) վայրագութեան ռազմավարութեամբ` առաջնորդելով վիրահատութեամբ վաղաժամ ծնունդի:
Թուրքերու նման, քիւրտերը իրենց սեփական ինքնութիւնը ստեղծած են, բայց` այս ինքնութեան իրենց անհատականութիւնը զոհաբերելով:
Համայնքի մը ինքնութիւնը զարգացած, բարելաւուած եւ հաղորդակցութեան մէջ դրուած է այդ համայնքի մտաւորական ընտրանիին կողմէ: Սակայն ՔԱԿ արագօրէն վերացուց քրտական մտաւորականութիւնը, եւ քանի որ ձախողեցաւ ատիկա իր սեփական մտաւորականներով փոխարինելու, կարելի չէ սահմանել քրտական ինքնութեան աւելի ընտիր, նուրբ կէտերը:
Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ ՔԱԿ-ի ընտրանիին, վերնախաւին առաւել մտաւորականներէն մէկը Պէնկի Եըլմազն է, իմ տեսակէտս աւելի յստակ կը դառնայ:
Քրտական ինքնութեան, ուրեմն, կը պակսի Զիյա Կէօքալփ մը: Այս բացը կրնար լրացնել, դատարկութիւնը կրնար լեցնել անձ մը` Իսմայէիլ Պեշիքճի: Բայց ՔԱԿ-ի մտային, իմացական քարտէսը չկրցաւ հասկնալ զայն: Ասիկա հանգեցուց հիմնական անհամատեղելիութեան ՔԱԿ-ի` իբրեւ քրտական ինքնութիւնը փոխարինող մօր եւ իբրեւ անոր հօր` Պեշիքճիի միջեւ: Հետեւաբար Պեշիքճիի սերմանած գաղափարները նոյնպէս վիժեցան: Կամ, լաւագոյն պարագային, վաղաժամ ծնան:
Յոռեգոյն պարագային, կարելի է ըսել, որ քրտական ինքնութիւնը մահացած ձմրան մէջ կանխահաս ծնած է` իբրեւ ուշացած երեխայ: Ան ծնած է այն ժամանակ երբ ազգային ինքնութիւնները մարիլ, չքանալ սկսան ի դէմս համաշխարհայնացումի: Նպատակն էր քրտական ինքնութիւնը ձեւաւորել` օգտագործելով հասկացողութիւններ, ըմբռնումներ, որոնք փոխ առնուած էին 19-րդ դարէն, երբ աշխարհի մէջ ազատական յեղափոխութիւններ տեղի կ՛ունենային:
Թրքական պետութեան տրամադրած «Թխոցը»` թուխսի վայրը, կարելի դարձուց ՔԱԿ-ի ձեռամբ վայրագութեանց ընդմէջէն ծնունդը քիւրտ ինքնութեան, որ մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ: Մասնաւորաբար զինուորականութիւնը գաղափար չունէր ինքնութիւն կերտելու հոլովոյթին մասին: Այնպէս որ, անոնք փորձեցին քիւրտերը վերահսկողութեան, իրենց հակակշիռին տակ պահել` ստիպողական վիճակ հաստատելով: Ի վերջոյ, մինչ Թուրքիոյ արեւմտեան շրջանները աւելի ազատական կը դառնային, արեւելեան շրջանները կ՛ազգայնանային պետութեան դէմ, եւ քրտական ինքնութիւնը հոն կը բարգաւաճէր, կը զարգանար:
Մինչ ազատական տնտեսական շուկայի կառոյցը մաշեցուց թրքական ինքնութիւնը (ինչպէս որ կը մաշեցնէ բոլոր ինքնութիւնները), պետական տնտեսական կառոյցի եւ ստիպողական վիճակի գործելաոճը վստահեցուց, որ քրտական ինքնութիւնը պիտի աճի եւ բարգաւաճի: Ասիկա հանգեցուց մտային եւ հոգեկան անհամատեղելիութեան մը` քիւրտերու երկու տարբեր խմբաւորումներու միջեւ. անոնք, որոնք արեւմտեան շրջաններ գաղթեցին եւ համարկուեցան ազատական տնտեսական հասարակութեան, եւ անոնք, որոնք արեւելեան շրջաններու նախնական եւ լճացած տնտեսական կառոյցի ծիրին մէջ մնացին: Հետեւաբար սրեցաւ եւ շեշտուեցաւ հակասութիւնը մէկ կողմէ պետութեան համակիր` «համարկուած» քիւրտերուն, եւ միւս կողմէ` «ազգայնական» քիւրտերուն միջեւ: Ասիկա խափանեց, ջլատեց քրտական ինքնութեան զարգացումը:
Արեւմուտքի եւ արեւելքի միջեւ այս աններդաշնակութիւնը կը համապատասխանէ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ) եւ ՔԱԿ-ի միջեւ գոյութիւն ունեցող անհամաձայնութեան:
Բայց քանի որ զէնքը կամ իշխանութիւնը եւ ուժը աւելի ծանր կը կշռեն, ժամանակավրէպ ՔԱԿ-ի պարտադրանքները, որոնք կը յամենան քրտական ինքնութեան եւ համընդհանուր ճշմարտութեան միջեւ ներդաշնակութեան իր հասկացողութեամբ, քրտական ինքնութիւնը աւելի հիւանդագին եւ ախտաբանական կը դարձնեն:
Կը թուի, թէ ընկերային եւ քաղաքական միջավայրը, որ պիտի փրկէ քրտական ինքնութիւնը, կրկին պիտի տրամադրուի պետութեան կողմէ:
Վայրագութիւնները վերսկսելով, կրկին ազգայնականացնելով պետութիւնը եւ քրտական շրջանին մէջ ազատական հասարակութեան մը կերտումը ձգձգելով` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքականութիւնը, որ կը նպատակադրէ աւելի խիստ միջոցներու դիմելու, ինչպէս` անդրսահմանային գործողութիւններ, կը թուի, թէ պիտի պահպանէ անդամալուծուած, կաթուածահար քրտական ինքնութիւնը (ծուատուած` ազատական հասարակութեան եւ պետական հասարակութեան մը միջեւ), որ կանխահաս, վաղաժամ ծնած է եւ մտովի` թերաճ:
Ասիկա կրնայ պատահիլ, բացի եթէ վարչապետ Էրտողան, հակառակ ամէն ինչի, շրջանին մէջ շարունակէ կառուցել ազատական տնտեսական եւ ընկերային ենթակառոյցներ:
ԷՄՐԷ ՈՒԱԼՈՒ
«Թուտէյզ Զաման»


