Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Սնապեանին Ի Յուշ

Յունիս 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0611snabian3

«Սարդարապատ» գրախանութի, «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր գրող, գրաքննադատ, խմբագիր, ուսուցիչ, հայ գիրին ու գրչութեան նուիրեալ մարտիկ, գաղափարապաշտ Պօղոս Սնապեանին նուիրուած յուշ-երեկոյ մը, կիրակի, 1 մայիս 2016-ին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ գրասէրներու հոծ բազմութեան մը: Ներկայ էին նաեւ Պօղոս Սնապեանի ընտանիքի անդամները, կինը` Աղաւնին, դուստրը` Կարինէն, եւ մանչը` Գալէն, իրենց ընտանիքներով:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ հանդիսավար Ծովինար Ղ. Մելքոնեան, որ եղած էր Սնապեանի աշակերտուհին: Ան իր յուշերուն ընդմէջէն կրցաւ վերակենդանացնել եւ հանդիսատեսին ներկայացնել Պօղոս Սնապեանը` իբրեւ առեղծուածային տիպար մը, որ կը կրէր հայ գրականութեան մէջ խրոխտ ու յանդուգն գրիչի դափնեպսակը: Ան նաեւ հաստատեց, որ Սնապեան հայ գրականութեան բագինին զոհաբերած էր ամբողջ կեանք մը երկնելով: «Այո՛, երկունք էր «Բագին»-ի իւրաքանչիւր թիւի լոյս ընծայումը, յաճախ` բոլորովին առանձինն, բայց մի՛շտ կիրքով ու նուիրումով արտադրելով, անխոնջ ու մարտնչող վեհ մարտիկի մը նման», ըսաւ ան:

Սնապեանի գուրգուրանքի առարկան եղած էր «Բագին»-ը 40 տարի շարունակ. իր քսան բացառիկներով անկրկնելի աւանդ մըն էր հայ գրականութեան, որ դարձաւ ժամանակի հնչեղութիւնն ու ազգային կեանքի զարկերակը: Արցախեան ազատամարտիկներու կամ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին զոհ գացած հերոսներու կենդանակերպերը հո՛ն են, գրողներու յոբելեաններու նուիրուած թիւերու շարքին:

Սնապեան առատօրէն արտադրեց` ժամանակի ու տարածութեան սահմանները ճեղքելով, խիզախօրէն ծառանալով գրականութեան մէջ սպրդած ժպիրհ սխալներուն դէմ եւ մեզի կտակելով կոթողական հարստութիւն մը` աւելի քան 80 հրատարակութիւն, քսանէ աւելի հեղինակութիւններով: Կան մարդիկ, որոնց արարումով մեր կեանքը կը հարստանայ, եւ մեր հոգիները կ՛ուռճանան` վայելելով բարիի ու վսեմի քաղցր պտուղները, հաստատեց երբեմնի աշակերտուհին` աւելցնելով. «Այդ հատ ու կենտ գոյակներէն մէկն էր ուսուցիչս` Պօղոս Սնապեան: 1983 թուական. իբրեւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի գրական բաժինի ուսանող` բախտ վիճակուեցաւ մեզի իբրեւ դասախօս վայելելու զինք, որ իր մոգական ներշնչումով կրցաւ մեզի փոխանցել հայ գրականութեան քարտիսագրութիւնը, առաջնորդելով գրականութեան թաւուտներէն ներս, գրական սեռերու, եզրերու, թեւաւոր խօսքերու անծայրածիր ովկիանին մէջ, մեզ մղելով առատօրէն կարդալու կամ տեղւոյն վրայ անգիր ընելու քանի մը տող»:

«Շնորհիւ իրեն` մենք ծանօթացանք Օշականի գրականութեան, որուն երեսուն անտիպներուն վերծանողն ու խմբագրողն էր ան` տեսակ մը մենաշնորհ ու պատիւ համարելով անոնց հրատարակութիւնը: Նախախնամութեան դասաւորումով աշակերտելով Օշականին` Օշական դարձած էր Սնապեանի յաւերժական կուռքն ու հաւատամքը», ըսաւ հանդիսավարուհին:

Ան աւելցուց, թէ Սնապեան երեւոյթը տիտղոսներ չունէր, կաճառներ չէր աւարտած, սակայն իր յախուռն մտաւորականի խառնուածքով, գրելու անօրինակ տաղանդով ու անդուլ աշխատանքով կրցաւ նուաճել հայ գրականութեան բարձունքները` դառնալով խմբագիր, գաղափարի խիզախ մարդ, բուռն կերպով պայքարելով Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուած գրականութեան դէմ, եւ մշտարթուն հրապարակագիր ու քննադատ` պայքարելով գրական եղծանումներու, բանագողութիւններու եւ բռնազբօսիկ գրչակներու դէմ` մտրակելով ու մերկացնելով սուտն ու կեղծիքը:

«Սիրելի՛ ուսուցիչ, մենք ողջ կեանք մը երախտապարտ ենք քեզի. պարո՛նը, բոլորին սիրելի ու հոգիները պարուրող պարո՛նը: Պարո՛նը, որ գիտէր պեղել մեր ներաշխարհները գրութիւններու ետին` գաղտնածածուկ ու չըսուած բառերու իմացումով: Մնացեալը` հոգիներու կամրջումն է ցայսօր, յաւիտեան, մինչեւ անդենական: Ուրեմն` ցը՛, ինչպէս միշտ», ըսելով` ան եզրափակեց իր խօսքը:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` նուիրուած Պօղոս Սնապեանի` Այնճարի մէջ հիմնուած տուն-թանգարանին, ուր զետեղուած են Սնապեանի հարստութիւնը կազմող գիրքերն ու յիշատակները:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան, որ հրաւիրուած էր յատուկ Սան Ֆրանսիսքոյէն` ներկայացնելու Սնապեան մարդն ու գործը:

Դոկտ. Աբուսէֆեան կրցաւ ներկաները փոխադրել Սնապեանի գրականութեան ոլորտները` կեդրոնանալով անոր ստեղծագործական կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, մանաւանդ անոր գիրքերու երկնումի տարբեր պայմաններուն վրայ. «Ես այդ շունն եմ»-ը, «Աղքատներուն աւանդութիւնը» ու բազում այլ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ Սնապեանը անդուլ աշխատանքի եւ յամառ կամքի տէր մարդու կերպարն էր, որ իր գրական կեանքին ընթացքին ամէնէն աւելի կեդրոնացաւ իր ուսուցիչին` Յակոբ Օշականի անտիպներու վերծանումին եւ հրատարակութեան: Յանձինս իրեն, հրատարակուեցաւ «Սուլէյման Էֆենտի»-ն, «Ծակ պտուկ»-ը, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» շարքը, «Մնացորդացը»® Շարքը երկար է, սակայն Սնապեան յատուկ կիրքով նուիրուած էր այդ անտիպներու հրատարակութեան` մի՛շտ իր կողքին ունենալով իրերայաջորդ վեհափառներու նեցուկն ու օրհնութիւնը:

Դոկտ. Աբուսէֆեանի կլանիչ ելոյթէն ետք բեմ բարձրացան Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի աշակերտներէն Արեգ Տէր Սարգիսեան, Փաթիլ Փանոսեան եւ Դալար Պզտիկեան, որոնք բացառիկ առոգանութեամբ հատուածներ կարդացին Սնապեանի «Առաջին անձրեւը» պատմուածքէն:

Աշակերտներուն անունով խօսք առաւ Սեդա Գրիգորեան, որ եղած էր նաեւ «Բագին»-ի իր օգնական խմբագիրը: Ան դիպուկ բառերով եւ ուսուցիչին բառամթերքէն ընտրուած մէջբերումներով կրցաւ ներկաները փոխադրել Սնապեանի դասապահերէն մէկուն, ուր սնապեանական հատու ոճով աշակերտներ կը լսէին անոր դաստիարակիչ յանդիմանութիւններն ու քաջալերական խօսքերը:

Ապա ելոյթ ունեցան մայր ու աղջիկ Ժորա եւ Անի Սինանեանները` ջութակի եւ դաշնամուրի վրայ նուագելով Կոմիտասի յօրինումներէն, իսկ Ալեն Տիշիկրիքեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Բաբաջանեանէն երաժշտական հատուած մը:

Աւարտին, հանդիսավարուհին յայտարարեց, որ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային  վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած է ստանձնելու Սնապեանի անտիպներէն մէկ-երկուքի հրատարակութիւնը` իբրեւ նուէր անոր յիշատակին:

Ձեռնարկի աւարտին բեմը բաց յայտարարուեցաւ, եւ ներկաներէն շատեր, յատկապէս Սնապեանի նախկին գործակիցներէն ու աշակերտներէն ոմանք փափաքեցան իրենց յուշերով ելոյթ ունենալ` Սնապեանը վերակենդանացնելով հո՛ն, այդ սրահին մէջ, հաղորդական ու ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով սրահէն ներս:

Ներկաները մեկնեցան գեղեցիկ յուշերու վայելքով:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Մեկնարկը Կատարուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակի Ձեռնարկներուն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?