
ԱՊՀ-ի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցելու նպատակով 14 յունիսին Մոսկուա մեկնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այս մասին տեղեկացուցած է պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:


