Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Լրատուամիջոցները Կ՛անդրադառնան Գերմանիոյ Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման

June 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Տը Նիւ Եորք Թայզմ» օրաթերթը,  անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին  կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, հրապարակած է «Գերմանիոյ խորհրդարանը հայերու կոտորածը որակեց իբրեւ ցեղասպանութիւն` բարկացնելով Թուրքիան» խորագիրով յօդուած, ուրկը գրէ. «Անիկա (խորհրդարանը «Ա.») ընդունեց խորհրդանշական, սակայն ոչ դիւրին բանաձեւ` Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 1915-ին գործած հայերու կոտորածները որակելով իբրեւ ցեղասպանութիւն. քայլ մը, որ կը սրէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները այնպիսի ժամանակաշրջանի, երբ Եւրոպական Միութիւնը վերջինիս աջակցութեան կարիքն ունի գաղթականներու ճգնաժամը կարգաւորելու հարցին մէջ»:

«Պի.Պի.Սի.»-ի բնորոշումով` Գերմանիոյ երեսփոխանները կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը` թուրքերը կատաղութեան մղելով: «Ժամանակահատուածը այդքան ալ նպատակայարմար չէ այն իմաստով, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ կարիքն ունի գաղթականներու հոսքը կանգնեցնելու համար: Բանաձեւը կ՛օգտագործէ «ցեղասպանութիւն» եզրը վերնագիրին եւ գրութեան մէջ: Անիկա նաեւ կ՛ըսէ, որ երմանիան որոշ առումով մեղաւոր է Օսմանեան Թուրքիոյ հետ դաշնակից եղած տարիներուն կոտորածները չկասեցնելուն կամ զանոնք չխոչընդոտելուն համար», կը նշէ «Պի.Պի.Սի.»: Անիկա նաեւ կը յիշատակէ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններու սրումը երգիծաբան Ժան Պոէմերմանի պատճառով, որուն բանաստեղծութիւնը դրդած էր Էրտողանը` քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել երգիծաբանին:

«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» եւս կը շեշտէ այս հարցին մէջ գաղթականներու գործօնը: «Գերմանիոյ խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ քուէարկեց հայերու կոտորածները ցեղասպանութիւն որակելուն օգտին` դրդելով Թուրքիան` տուն կանչել Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը: Քուէարկութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան մակարդակը բարձրացուց այնպիսի պահու մը, երբ Անգարան կարեւոր դեր կը խաղայ գաղթականներու` դէպի Եւրոպա հոսքը դադրեցնելու հարցին մէջ», կը գրէ ազդեցիկ ամերիկեան օրաթերթը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ.«երմանիան կը բարկացնէ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած այս բանաձեւով: Գերմանիոյ օրէնսդիր մարմինը 1915-ին Օսմանեան ուժերու կողմէ հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն հռչակեց խորհրդանշական բանաձեւով մը, որ վտանգի կ՛ենթարկէ Անգարայի հետ ունեցած յարաբերութիւնները ճիշդ այդ ժամանակահատուածին, երբ Պերլինը եւ Եւրոպայի գործընկերները Թուրքիոյ օգնութեան կարիքը ունին գաղթականներու ճգնաժամը կարգաւորելու հարցին մէջ: Ժամանակահատուածը աւելի վատ չէր կրնար ըլլալ Մերքելի համար, որ Թուրքիոյ հետ ունէր համաձայնութիւն, ըստ որուն, Անգարան համաձայնած էր կասեցնել գաղթականներու հոսքը դէպի Եւրոպա առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան ճամբորդելու իրաւունք ստանալու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին արագացուած զրոյցներու սկսելու դիմաց»:

 

 

Նախորդը

Ըստ Հայաստանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին . Պերլին Ջանք Պիտի Գործադրէ Հայ-Թրքական Հաշտեցման Համար

Յաջորդը

Թրքական Մամուլի Արձագանգը` Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրման

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.