Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ ՄՆԱՑԱԾ ՄԱՐԴԻԿ

September 17, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբաթասկիզբին միջազգային վաւերագրական պատմութիւններ սփռող պատկերասփիւռի կայանէ մը կախարդուած  դիտեցի երկու լեռնագնացներու արկածախնդրութիւն մը: Երկու քաջասիրտ մագլցողները կ՛ուզէին նուաճել հեռաւոր Նեփալի մէջ ահազդու լեռ մը, որ սլացած է դէպի երկինք, եւ որ ունի սառոյցէ գահավէժներ:

Լեռնագնացները կը ջանային հասնիլ լերան բարձունքին ոչ փորձուած կածանէ մը:

Սահմռկեցուցիչ էր մագլցումը, բայց եւ անակնկալը գագաթ հասնիլը չէր, այլ բուն մարտահրաւէրը այդ տիտան լեռնէն ապահով վայրէջքն էր, եւ որուն ընթացքին պատահեցաւ սարսափելին: Ըստ վիճակագրական տուեալներու, լեռնագնացներու մահացու արկածներուն ութսուն տոկոսը կը պատահի վայրէջքներու ժամանակ: Դժբախտաբար այս լեռնագնացներէն մէկը սահեցաւ սառոյցէ վայրէջքին վրայ եւ սրունքը փշրուեցաւ` ցից ժայռերու զարնուելով: Կացութիւնը մահուան չփոխուեցաւ, քանի երկու լեռնագնացները մասնայատուկ պարանով մը իրարու կապուած էին:

Չարչարանքներով լեցուն ժամեր եւ օրեր ետք, երկու լեռնագնացները հրաշքով ազատեցան ու հասան ապահով դաշտավայր մը:

Այս վաւերագրական լեռնագնացութիւնը զիս մղեց խորհրդածելու 1915-ի Մուսա Լեռ բարձրացած հազարաւոր գիւղացիներու, «խենթ» ժողովուրդի մը բնազդական մղումին մասին: Գիւղացիներ, որոնք ո՛չ լեռ նուաճելու մտածում ունէին, ո՛չ ալ արդիական կազմածներ` արկածախնդրութեան մը դիմելու համար, բայց ունէին հաւատք, ապրելու կամք, ազատութեան տենչ ու հայու բարձր արժանապատուութիւն: Ունէին վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան մը եւ տէր Յարութիւն քահանայ մը, որոնք կարծես Մուսա լերան ահարոններն էին: Ծերեր, շաղուած երիտասարդներու հետ, միասնաբար մարտնչող քաջեր էին, իսկ խիզախ պատանիներ ալ ներկայ «բջիջային հեռաձայններ»` դիրքէ դիրք, ժայռէ ժայռ: Փափկասուն տիկնայք չկային, կային զինուած մայրեր` դաշոյններով:

Անկարգապահ ժողովուրդ չկար, կար ընդհանուր գիտակցութիւն եւ ժողովրդական որոշում: Ճիշդ էր, որ քաջութիւնն էր գլխաւոր ազդակը յաղթանակին, բայց այդ իր կողքին ունէր հնարամտութիւն, իրատեսութիւն, իմաստութիւն, կամք, խիզախութիւն, կատակասիրութիւն, ժուժկալութիւն եւ ճիշդ ժամանակին պոռթկացած հայհոյանքը մուսալեռցի քահանային` ուղղուած թուրք սպայի մօր:

Իսկ հիմա Մուսա Լերան վրայ կը գտնուի միայն քանդուած յուշարձանը 18 նահատակներու, որոնք բնաւ գագաթէն վար չիջան, այլ մնացին հոն` իբրեւ ապահովութեան պարան մուսատաղցիներու` ի սփիւռս աշխարհի: Այնճարէն «Գինով Ալեքսան» մը Պոյաճեանի, «Կեաւուրի լակոտ» մը Պետիկ անունով, «Մլուն մը»` Սնապեան. «Վարանդա» մելիք մը` Զաքար տիպարով, Կոմիտաս վարդապետի ձայնը` Գէորգ Հաճեանով եւ այլ քանի մը հազար խելագար մուսալեռցիներ, որոնք կը շրջին աշխարհով մէկ ու ատեն-ատեն կ՛ապրին լերան վրայ: Կարգ մը մարդիկ կ՛ընդունին այս խելագարները իրենց էութեամբ, իսկ ուրիշներ այս տարօրինակ լեռնականները կը սեպեն տափակ եւ տարօրինակ:

Տասնամեակ մը առաջ Այնճարի մէջ Մուսա Լերան աւանդական մատաղի պատրաստութեան գիշերը սկսաւ անակնկալօրէն տեղալ անհաճոյ անձրեւ մը, եկեղեցւոյ կողքին բոցավառած խարոյկները սկսան հանգիլ: Յանկարծ մատաղ պատրաստողներէն մէկը, աչքերը դէպի երկինք սեւեռած, բարձր ձայնով եւ Մուսա Տաղի բարբառով սկսաւ հայհոյել «…. Աստուած, չե՞ս տեսներ ինչ կ՛ընենք»:

Ժպտացի: «Գինով Ալեքսան» մըն էր, որ իր լեզուով կը վիճաբանէր Աստուծոյ հետ: Եկած էր գործի, պարտականութեան գիտակից մտքով եւ տեղատարափ անձրեւին տակ, խարոյկները վառ կը պահէր, Մուսա Լերան գագաթին մնալու հրամայականով:

ՄԵՍՐՈՊ Ա. ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

14 սեպտեմբեր 2011
Այնճար

Նախորդը

«ԱՍՏԾՈՅ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ Է» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ԸՍԱՒ ՕՎՍԷ

Յաջորդը

ՓՈՐ ՍԱՅԻՏ, ԵԳԻՊՏՈՍ. ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՏԻԳՐԱՆ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՈՒ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԻ ՀԵՏ (ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 96-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԱՌԻԹՈՎ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.