Մուսալեռցիները ոչ միայն արուեստասէր ժողովուրդ են, այլ նաեւ «խենթ» են, արկածախնդիր, դժուար իրականացուող երազներ փայփայող: Անոնք նաեւ օժտուած ժողովուրդ են` վկայ այն մեծ հոյլը մուսալեռցի-այնճարցի արուեստի գործիչներուն, որոնք իրենք զիրենք տիրական դարձուցած են թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Արուեստաբան Մովսէս Ծիրանին աւելի համարձակ կարծիք ունի այս մասին. «Մուսալեռցիներու ժառանգականութեան մէջ արուեստի կարողութիւններով օժտուածներու համեմատութիւնը շատ աւելի բարձր է, քան` հայութեան այլ հատուածներու պարագային»: Այնճարահայութեան պարագային այդ մէկը յստակ կ՛երեւի, ամէն անգամ որ հաւաքական ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին:
Այս ակնարկը նուիրուած է Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի դժուար իրականացուող երազ նկատուած, բայց արդէն իսկ իրականութիւն դարձած, ինը տարիէ ի վեր գործող «Ռուբէն Նաքեան» արուեստի դպրոցին:
Արդարեւ, «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր կազմակերպած է նկարչական դասընթացքներ պարբերաբար, յատկապէս ամրան, մէկ յարկի տակ համախմբելով գիւղի օժտուած մանուկներն ու պատանիները: Այս ծիրին մէջ դերակատար եղած են յատկապէս Սեդրակ եւ Ալեքսան Քիւսպեքեանները: Յատկապէս Ալեքսան Քիւսպեքեանը կրցաւ համախմբել խումբ մը տղաք ու աղջիկներ, որոնք հետագային օգտակար դարձան Այնճարի մէջ գեղանկարչութեան հանդէպ հետաքրքրութեան աճումին: Ոմանք անոնցմէ արդէն հանրածանօթ գեղանկարիչներ են այսօր:
Արուեստի աշխուժացման գծով, նոր շունչ եկաւ Այնճարի մէջ, երբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան մասնաճիւղ բացաւ գիւղին մէջ եւ խումբ մը երիտասարդներ առիթ ունեցան քանի մը տարի կազմակերպուած դասընթացքներու հետեւելու, յատկապէս` հայրենի արուեստագէտներ Լաւրենդի Աղասեանի եւ Ալեքսան Քոչարեանի հսկողութեամբ:
Այնճարի մէջ ծնունդ առաւ արուեստի նոր որակ, մեծ հետաքրքրութիւն, եւ շատեր այս երիտասարդներէն դարձան գեղանկարիչներ: Ափսո՜ս, որ այս դասընթացքները ընդհատուեցան` նկարչական զարթօնքին թափը կոտրելով:
Այս ենթահողին վրայ է, որ Համազգային «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղը յաջողեցաւ երազ թուացող մանկապատանեկան արուեստի դպրոց հիմնել «Ռուբէն Նաքեան»ի անունով, հոկտեմբեր 2002-ին:
Այս ծրագիրը արդիւնքն էր քանի մը «խենթերու», ինչպէս` Րաֆֆի Անտոնեանի, Պօղոս Թասլաքեանի (Աղասի), Վահէ Տիւքենճեանի, Յովհաննէս Խօշեանի, Թալին Սթամպուլեանի, որոնց թիկունք կանգնեցաւ վարչութիւնը:
Արուեստի «Ռ. Նաքեան» դպրոցը իրականութիւն դարձաւ, որուն մնայուն օժանդակութիւնը տրամադրեց Այնճարի քաղաքապետութիւնը: Այնճարցի մանուկ-պատանիները շաբաթական դրութեամբ հետեւեցան նկարչական դասընթացքներու եւ գրեթէ տարեկան դրութեամբ հանրութեան ներկայացան հաւաքական ցուցահանդէսներով:
Բնականաբար անցնող ինը տարիներուն «Ռ. Նաքեան» գործեց` համաձայն իր առաքելութեան: Մեծագոյն ներդրումը ունեցաւ դպրոցի երկարամեայ ուսուցիչ, նկարիչ Րաֆֆի Անտոնեանը, որ առանց որեւէ ակնկալութեան` երկար տարիներ «բանեցուց» արուեստի այս դպրոցը, աշխատանք մը, որ ոչ թէ միայն գնահատանքի արժանի է, այլեւ` յարգանքի:
Այս տարեշրջանին, «Ռ. Նաքեան»ին համար բարիք մը եղաւ Իտալիայէն Այնճար վերադարձած, արդէն մեծ ճանաչում գտած նկարիչ Գրիգոր Սգայեանի ներկայութիւնը:
Արդարեւ, քանի մը ամիսներէ ի վեր, ստանձնելով «Ռ. Նաքեան»ի պատասխանատու ուսուցիչի պարտականութիւնը, ան ծրագրուած աշխատանք տարաւ եւ այսօր Մուսա Լերան հերոսամարտի 96-ամեակի առիթով կը ներկայացնէ թափուած աշխատանքին արդիւնքը` աշակերտական հաւաքական ցուցահանդէսով, «Մուսա լեռ» սրահին մէջ, որուն կը մասնակցին նաեւ նախկին աշակերտներ: Բարձր գնահատանքի արժանի աշխատանք մը, որ արժանի է բոլորին քաջալերանքին:
Արժէ թելադրել Այնճար այցելող բոլոր հայորդիներուն, որ առիթ ստեղծեն անպայման տեսնելու այս ցուցահանդէսը:
Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ
13 սեպտեմբեր 2011
Այնճար


