Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վիեննայի Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցով Հանդիպումը Յաջող Էր» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յունիս 1, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aliyev_52916

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հանրապետութեան օրուան առիթով հրաւիրած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Վիեննայի մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը յաջող էր:

16 մայիսի երեկոյեան Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները մասնակցած էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ քննարկումին: Բանակցութիւններէն ետք ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ ըսուած էր.  «Նախագահները վերահաստատած են զինադադարին եւ տագնապի խաղաղ լուծման իրենց յանձնառութիւնը: Հետագայ բռնութիւններու վտանգը նուազեցնելու համար անոնք համաձայնած են ամէնէն մօտ ժամկէտներու մէջ աւարտին հասցնել ԵԱՀԿ-ի հետաքննական մեքանիզմներու ներդրման աշխատանքները: Նախագահները նաեւ համաձայնած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդլայնումին շուրջ: Ի վերջոյ, անոնք համաձայնած են շարունակել անյայտ կորսուածներուն վերաբերեալ տուեալներու փոխանակումը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հովանիին տակ` հաշուի առնելով 2014-ի հոկտեմբերին Փարիզի վեհաժողովին ժամանակ ստանձնած պարտաւորութիւնները»:

«Վիեննայի հանդիպումը յաջող էր: Մենք կ՛ակնկալենք, որ շուտով, ժամանակ չկորսնցնելով, պիտի սկսին շատ լուրջ, ինչպէս միջնորդները կ՛ըսեն` էական, այսինքն` բովանդակալից բանակցութիւններ», ըսած է ան:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան, եւ ոչ միայն, ընդհանուր քաղաքականութեան հիմնական հարցը ղարաբաղեան տագնապի լուծումն է: «Ազրպէյճանի դիրքորոշման մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ հետագային եւս «պիտի ամրապնդեն երկրին զինուորական հզօրութիւնը»:

Ներքին լսարանին ուղղուած իր խօսքին մէջ Ալիեւ դարձեալ ըսած է. «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը բանակցութիւններու առարկայ չի հանդիսանար»:

Ան նաեւ յայտարարած է. «Հայերը, ինչպէս ապրած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այդպէս ալ թող ապրին»:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Մեկնած Է Թուրքիա

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Զինուորական Ճամբով Լուծումին Չեմ Հաւատար» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?