Եգիպտական մամուլը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Պոպ Պրետլի, որ նախորդ յուլիսին պաշտօնազրկուեցաւ, երէկ նշանակուեցաւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատասխանատուն յայտնեց, որ շատ հաւանաբար կիրակի, 18 սեպտեմբերին, կամ` երկուշաբթի, 19 սեպտեմբերին, ան ժամանէ Գահիրէ եւ պայմանագրութիւն մը ստորագրէ ֆետերասիոնին հետ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յստականան յառաջիկայ շաբաթասկիզբին` անոր ժամանումէն ետք միայն:


