Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

96-ԱՄԵԱԿ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻ ԲԱՑՈՒՄ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

September 16, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 15 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի, տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Այնճարի հայկական արտադրութիւններու տօնավաճառին:

Նախարարը կեդրոնի մուտքին արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Գիւղի հոգեւոր հովիւները, քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եկած էին դիմաւորելու նախարարը` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին մասնակցութեամբ:

Շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա յանուն Մուսա լերան 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ցօղիկ Գ. Հաւաթեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց նախարարին, գնահատեց տօնավաճառին մասնակցող հայրենակիցները: Ան յատկապէս կոչ ուղղեց բոլորին, որ թիկունք կանգնին Այնճարին եւ տնտեսական ծրագիրներ մշակեն գիւղը աւելի զարգացնելու նպատակով: Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ճարտարարուեստի նախարարին, որ հովանաւորած է այս տօնավաճառը եւ հրաւիրեց զինք իր սրտի խօսքը ուղղելու ներկաներուն:

Նախարար Սապունճեան ամփոփ խօսքով մը հանդէս եկաւ: Ան յայտնեց, որ ինք ուրախ է այս առիթով Այնճար գտնուելուն համար եւ բարձր գնահատեց Հերոսամարտի 96-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները: Ան նաեւ յայտնեց, որ Այնճարը իբրեւ հայկական կեդրոն իր սրտին մօտիկ է: Նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար հանդիսանալու Այնճարի հայութեան:

Այնուհետեւ նախարարը բացումը կատարեց տօնավաճառին եւ առանձին-առանձին շրջեցաւ բոլոր տաղաւարները:

Տօնավաճառին (ցուցադրութեան եւ վաճառքի) կը մասնակցէին տարբեր արտադրութիւններ ունեցող հաստատութիւններ, հայրենակիցներ եւ միութիւններ: ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը ցուցադրութեան դրած էր ձեռագործներ, Այնճարի հայ կաթողիկէ տիկնանցը կը ներկայացնէր Զմմառու գինի, գիրքեր եւ յուշանուէրներ: Շարք մը հայրենակիցներ կը ներկայացնէին գիւղական արտադրութիւններ, յուշանուէրներ եւ այլազան բնոյթի առարկաներ:

Յայտնենք, որ տօնավաճառը բաց պիտի մնայ յառաջիկայ երեք օրերուն, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ ուշ գիշեր:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՄԷՏ ԹՐՔԱՏԱՌ «ՖԱՔԹԷՕՐ 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.