Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆՈՐ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

September 16, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը (www.aztagarabic.com) սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով կը թարմացուի նոր նիւթերով: Անշուշտ այս անգամ ալ տիրական տեղ կը գրաւէ «Ազդակ» արաբերէնի անդրադարձը արաբական մամուլին` Սուրիոյ վերջին իրադարձութեանց առնչութեամբ թրքական կեցուածքին գծով:

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջին մէջ ամբողջութեամբ հրապարակուած կը գտնենք Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութեանց վերաբերող Յարութ Սասունեանի արաբերէն գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին վերջինիս արտասանած խօսքը: «Յօդուածներ» բաժինին մէջ ներկայացուած կը գտնենք նաեւ ղարաբաղեան շարժումը 1988-1991: Շատ հետաքրքրական է նաեւ սուրիացի պատմաբան Զիատ Հուաշի «Թուրքիան օսմանցիներէն առաջ» խորագրեալ պատմական անդրադարձը:

«Լուրեր» բաժինին մէջ կը կարդանք լրատուութեանց շարք մը հայութիւնը յուզող զանազան հարցերու մասին: Անոնց շարքին է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման մասին: Լուսարձակի տակ առնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Լիբանան այցելութիւնը: Կան լուրեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին արձանագրած յաղթանակին, Խաչվերացի տօնին առիթով Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին եւ այլ նիւթերու մասին:

«Կիզակէտ» բաժինին մէջ կան երկու հարցազրոյցներ, որոնք կատարուած են Արցախի անկախութեան հռչակման 20-ամեակին առիթով: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյցը կատարած է Արցախի պատկերասփիւռի կայանին եւ «Ազատ Արցախ» օրաթերթին հետ, իսկ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան` ռուսական «Փանորամա» լրատու գործակալութեան հետ:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԱՐԱ ՔԵՔԵՃԵԱՆԸ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՄԷՏ ԹՐՔԱՏԱՌ «ՖԱՔԹԷՕՐ 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.