
«Իսրայէլի մէջ ոչ մէկը կ’ուրանայ, որ ամբողջ ազգ մը կոտորածի ենթարկուեցաւ. այսօր, ես կեցած եմ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ եւ կ’աղօթեմ ձեզի հետ միասին, զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար», յայտարարեց Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան կատարած իր տօնական շնորհաւորական այցելութեան ընթացքին: «1915 թուականին հայերը կոտորուեցան, եւ իմ ծնողներս կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս հազարաւոր հայ գաղթականներ ապաստան գտան հայոց վանքին մէջ», աւելցուց նախագահ Ռիվլին` ընդգծելով, որ Իսրայէլի մէջ քրիստոնէական համայնքները ոչ միայն վտանգուած չեն, այլեւ հակառակը` անոնց թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ:
Մայիս 9-ի առաւօտեան Զատկուան տօնին առիթով Իսրայէլի նախագահին Հայոց պատրիարքարան այցելութեան դիմաւորելու եկած էին Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի կողքին` յոյներու եւ լատիններու պատրիարքները: Այս առիթով ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին նաեւ յոյն եւ լատին պատրիարքները:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Նուրհան արք. Մանուկեան, որ ողջունեց նախագահը` գնահատելով անոր դերը Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Նուրհան արք. Մանուկեան անդրադարձաւ նաեւ հրէական ողջակիզման` նշելով. «Նացիական վարչակարգը յաջողութեամբ կրցաւ կոտորել հրեայ ժողովուրդը, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն ամբողջ աշխարհը լուռ եւ անհաղորդ մնաց ամբողջ ժողովուրդի մը կոտորածին հանդէպ, մենք լիայոյս ենք, որ դուք ձեր նոր պաշտօնավարութեան ընթացքին կը շարունակէք Իսրայէլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացնել»:
Այս առիթով ամենապատիւ պատրիարք հայրը նախագահ Ռիվլինին նուիրեց հայ վարպետ Յակոբ Աւագեանի կողմէ փորագրուած փայտեայ քանդակ մը եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա նախագահին կը յիշեցնէ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին:


