
Նախորդ շաբաթավերջին Պոլսոյ մէջ շարունակուեցաւ ըմբշամարտի ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքի ազատ ոճի պայքարը:
65 քկ դասակարգին մէջ, Դաւիթ Սաֆարեան ամերիկացի Ֆրանք Մոլինարոյէն պարտութիւն կրեց 1-16-րդ հանգրուանին իր կատարած ճակատումին` 3-2 արդիւնքով:
Այսպիսով, Սաֆարեան զրկուեցաւ ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու կարելիութենէն` նկատի ունենալով, որ իրենց տոմսը կրնան ապահովել միայն աւարտականին մասնակցողները:
86 քկ դասակարգին մէջ, 1-8-րդ հանգրուանէն պայքարը սկսած Մուսա Մուրթազալիեւ իր կարգին 4-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց գերմանացի Ուիլիամ Հարթէն:
Նշենք, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը ունի ողիմպիականի երեք տոմսեր, զորս նուաճած են Գառնիկ Մնացականեան (57 քկ), Գէորգի Քեթոյեւ (97 քկ) եւ Լեւան Պերիանիցէ (125 քկ):