Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ «ՄԵՐ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ՄԱՀԱՄԵՐՁԻ ԱՆԿՈՂԻՆԻՆ ՄԷՋ» ԳՐՔՈՅԿԻՆ

September 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսի, երէկ` չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում` նուիրուած Ռոպէր Հատտէճեանի «Մեր մայրենի լեզուն մահամերձի անկողինին մէջ» գրքոյկին, զոր ներկայացուց «Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեան: Պալեան յայտնեց, թէ 40 էջնոց գրքոյկը լոյս տեսած է Պէյրութ եւ կը բովանդակէ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Մարմարա» օրաթերթի այս տարուան յունիս-յուլիսի թիւերուն մէջ լոյս տեսած 12 յօդուածներ:

Ակնարկելով Հատտէճեանի` ան նկատել տուաւ, որ աւելի քան 60 տարի հայոց լեզուին եւ գրականութեան ծառայելէ, աւելի քան 40 տարի հայատառ թերթ հրատարակելէ եւ մամլոյ նուիրական աշխատանք տանելէ ետք արդեօք «Մարմարա»ի խմբագիրին համար ի՞նչ տառապանք է նստիլ ու գրել այն մասին, որ մեր մայրենի լեզուն հոգեվարքի մէջ է: Մեր լեզուն հետզհետէ կը դադրի «մայրենի» ըլլալէ, նշեց Պալեան: «Մամուլը, մտաւորականութիւնը ու իրենց անուան արժանի ազգային ղեկավարութիւններ չեն ընդվզիր եւ չեն հակազդեր աղէտը կասեցնելու համար` կարծեցեալ մարդորսութիւններու եւ կորսուող ջաղացքի չախչախին սպասարկելով…», հաստատեց Պալեան` աւելցնելով, որ մայրենի լեզուն պէտք է գիտնալ, իսկ օտար լեզուները պէտք է սորվիլ իբրեւ 2-րդ կամ 3-րդ լեզու եւ ոչ` հիմնական կամ մայրենի: «Մայրենի լեզուն սոսկ գիտութիւն չէ, այլ անիկա կը խօսուի» շեշտեց Պալեան: Ան հաստատեց, որ մայրենի լեզուն ապրեցնելու առաջին պայմանը այդ լեզուն խօսիլ է` նշելով, թէ լեզուն կարդալը եւ գրելը աւելի ուշ կու գան: Բանախօսը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ եւս մայրենի լեզուի գուրգուրանքն ու գործածութիւնը ակնկալուած մակարդակի վրայ չեն եւ հոն ալ հայախօսութիւնը կը տառապի օտար լեզուներու ոտնձգութենէն` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ պահպանուածը արեւելահայերէնն է եւ ոչ թէ արեւմտահայերէնը, որ արեւմտահայութեան պաշտօնական լեզուն է եւ առանց անոր մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հարստութեան առնուազն կէսը:

«Արեւմտահայութիւնը կը կորսուի իր մշակոյթով եւ դատով: Ի՞նչ կը շահի ազգը» հարցումն ու մտահոգութիւնը առաջադրելով եզրափակեց Յ. Պալեան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում` ներկաներուն եւ բանախօսին միջեւ:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՅԱՏՈՒԿ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ «ԱԶԴԱԿ»Ի ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Յաջորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ԻՐ ԹԷԶԸ ՍԽԱԼ ՓԱՍՏԱՐԿՈՎ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.