Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը Դատ Կը Բանայ

Ապրիլ 30, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

St-Giragos_42916

Ույկար Կիւլթեքին «Ակօս» թերթին մէջ կը գրէ, թէ հակառակ անոր որ զինեալ բախումները դադրած են, սակայն Տիգրանակերտի միջնաբերդեան Սուր թաղամասի պաշարման վիճակը ցարդ կը շարունակուի: Ան կը նշէ, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցին պետականացնելու մասին նախարարաց խորհուրդի որոշումէն ետք, եւ հետեւելով ասորի ու կաթողիկէ համայնքներու որոշումին` պետականացման դէմ դատարան դիմելու վերաբերեալ, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղականութեան փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու եւս դատարան դիմած է` վարչապետութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան դէմ: 21 ապրիլ թուակիր աղերսագիրին մէջ փաստաբանը նշած է, որ պետականացման որոշումը կը հակասէ գործող իրաւաբանութեան, եւ շեշտած է, թէ Վճռաբեկ ատեանը անցեալին այս տեսակի որոշումներ ջնջող վճիռներ արձակած է: Էլպէյօղլու կ՛առարկէ ամբողջական որոշումին դէմ եւ կը յիշեցնէ, թէ իւրաքանչիւր կալուածի համար պետականացման պատճառաբանութիւն պէտք է ներկայացուի:

«Նախարարաց խորհուրդին պետականացման այս որոշումը անտեսած է Մշակութային եւ բնական ինչքերու պահպանման մասին օրէնքը», կ՛ըսէ փաստաբանը` յիշեցնելով, որ Տիգրանակերտի միջնաբերդը նշուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեանց ցանկին մէջ:

Ըստ անոր, այս որոշումը կը հակասէ նաեւ Լոզանի դաշնագիրի բովանդակութեան: «Լոզանի դաշնագիրը փոքրամասնութիւններուն կ՛երաշխաւորէ ամէն տեսակի բարեգործական, կրօնական եւ ընկերային հաստատութիւններու հիմնադրութիւն եւ վարչութիւն: Այդ համաձայնագիրին 42-րդ յօդուածով, Թուրքիա կը խոստանայ այս հաստատութիւններուն պահպանումը: Շտապ պետականացումով ոտնակոխուած կ՛ըլլայ Լոզանի դաշնագիրը եւ Թուրքիոյ սահմանադրութեան 90-րդ յօդուածը», կ՛ըսէ փաստաբանը:

Տիգրանակերտի քաղաքապետարանը, Ճարտարապետներու գրասենեակը, Փաստաբաններու կաճառը եւ անհատ քաղաքացիներ եւս դատ բացած են` կառավարութեան շտապ պետականացման այդ որոշումը ջնջել պահանջելով: Այս դատերը համակարգելու եւ հետապնդելու նպատակով կազմուած է «Սուր թաղամասը ապրեցնելու եւ պահպանելու հարթակ»-ը:

Մինչ շրջանին մէջ մզկիթ մը եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կրած են ծանր վնասներ, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մայր տաճարը ցարդ չէ վնասուած: Վնասուած են միայն անոր յարակից շէնքերը եւ եկեղեցւոյ մուտքի դուռը:

Նախորդը

Կարօ Փայլան Հայաստան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Անգամ Մը Եւս Կը Խախտէ Զինադադարի Դրութիւնը` Արձակելով 183 Արկ

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?