Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԻՆ, ԲԱՅՑ ՉՀԻՆՑԱԾ ԽՕՍՔԵՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԲԱՑԱԿԱՅԻՆ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

September 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտաւոր անցեալին, բոլոր անոնք, որոնք հեռուէն կամ մօտէն կ՛առնչուէին Հայկական հարցին, գիտէին, թէ ո՛վ էր Անտրէ Մանտելշթամ, մեծ իրաւագէտ մը եւ դիւանագէտ, մանաւանդ կը կարդային անոր կոթողական գործը` «Հայկական հարցը Ազգերու լիկային առջեւ» (Le Problème Arménien devant la Société des Nations):

Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումով հետաքրքրուողներ, մանաւանդ անոնք, որոնք չեն եզրակացուցած, որ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել, կամ իրենք զիրենք բանտարկած են Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտութեան մխիթարութեան անվաղորդայն աղմուկին մէջ, որ իրաւունքի վերականգնումին պիտի չառաջնորդէ, քանի որ այդ ճանաչման պահանջէն բացակայ է ՀԱՅԱՍՏԱՆը, զոր անհասկնալի իմաստութեամբ ՊԱՏՄԱԿԱՆ կը կոչեն շատեր: Անոնք քաղաքական յառաջընթացին կը նպաստեն, եթէ բանան էջերը այս գիրքին:

Վարժութիւն դարձած է արդէն. Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին հազուադէպօրէն կ՛ընկերանայ բռնագրաւուած Հայաստանը ազատագրուած տեսնելու կամքը:

Մինչդեռ, միջազգային յարաբերութիւններու եւ քարոզչութեան մակարդակներուն, Անտրէ Մանտելշթամի հաստատումներուն եթէ դիմենք, պիտի տեսնենք, որ անոնք իրենց մէջ կը կրեն ճշմարտութիւններ, որոնցմով պէտք էր առաջնորդուէր միջազգային ընտանիքը երէկ, բայց նաեւ` այսօր:

Իսկ եթէ մենք դիւանագիտական ճապկումներ ընենք, նախ Ցեղասպանութիւնը ճանչցնենք, հայրենիքի լրացման հարցը յետոյ կը տեսնենք, ոչ ոք մեր պահանջը լուրջ կը համարէ, հզօրները մեզմէ լաւ գիտեն օրէնքներուն հետ աճպարարութիւն ընել:

Անտրէ Մանտելշթամի բացատրութիւնները իսկական դպրոց են: Հարկ է բանալ գիրքը, կարդալ, սորվիլ եւ մեր բոլոր նախաձեռնութիւններէն առաջ յիշել, խորացնել: Կը կարդանք.

Ուրեմն ստիպուած ենք եզրակացնելու, որ Դաշնակիցներու վերաբերումը հայ ազգին նկատմամբ բացորոշ կերպով հակառակ եղած է մարդկութեան միջամտութեան կանոններուն, հաստատուած Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, իրագործուած դարաւոր փորձով, Մեծ պատերազմէն ետք, Եւրոպայի մէջ, բազմաթիւ ազգերու համար:

Անտրէ Մանտելշթամ ո՛չ հրապարակախօս է եւ ո՛չ ալ գաղափարախօս: Գիտէ օրէնք եւ միջազգային յարաբերութիւններու բարոյական: Որպէսզի վերոնշեալ հաստատումը, որ դատապարտութեան խօսք է,  հասկնալի ըլլայ, նախապէս ըսած էր.

Ճիշդ է, որ Տէրութիւնները նախապէս ճիշդ ուղիի հետեւած էին: Բայց Ռուսահայաստանի անկախութիւնը յայտարարելէ եւ Թրքահայաստանի որոշ մասերու հետ անոր միացումը յանձնելէ ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահի իրաւարարութեան (միացում, որ արդարեւ յայտարարուեցաւ պարոն Ուիլսընի կողմէ), Տէրութիւնները ոչ միայն նահանջեցին Թրքահայաստանի համար դէպի պարզ ինքնավարութեան մը հասկացողութենէն (օճախ), այլ նաեւ վերջապէս յանգեցան, Լոզանի մէջ, նոյն այդ օճախէն հրաժարման: Նոյնիսկ չյաջողեցան ի նպաստ հայ ազգի մնացորդացի համար սահմանել մասնաւոր ապահովութիւններ, որ Թուրքիոյ եւ դաշնագիրները ստորագրող միւս տէրութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ ընկերային տարբերութիւններու պատճառով հարկ եղած նուազագոյն երաշխիքները տար փոքրամասնութիւններուն:

Այս մէջբերումները ցոյց կու տան Դաշնակիցներու պատասխանատուութիւնն ու անպատասխանատուութիւնը, թերացումը եւ բարոյական անկումը: Այս ճշմարտութիւնը հարկ է ըսել մեզի բարեկամ եւ նուազ բարեկամ համարուածներուն:

Զոյգ փաստարկումները հիմք պէտք է ծառայեն հայ ժողովուրդի պահանջատիրական արշաւին:

Արդ, երբ իրաւագէտին համար այսքան բացորոշ են իրաւունքը եւ անոր ետին կանգնող փաստարկումը, հայ ազգային ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը կրնա՞ն անոնցմէ հրաժարիլ: Հրաժարիլ` ի՞նչ շահելու համար, ո՞ւր տանելու համար ազգը:

Նման հրաժարումով չե՞նք վարկաբեկուիր այլոց եւ մեր աչքին:

Այդ հրաժարումով մեղսակից չե՞նք դառնար միաժամանակ ներկայացող հողահաւաքի եւ ազգահաւաքի մոռացման: Դատապարտելով ազգը մանրացման եւ հուսկ անհետացման:

ՀՈՂԱՀԱՒԱՔ եւ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔ:

Այս զոյգը կրողն է մեր ԱԶԳԻ ՏԵՒԵԼՈՒ ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան, տարբեր` բիզնեսային անմիջական շահախնդրութիւններէ:   Առանց այս զոյգին` հայ ազգը կրնա՞յ զարգանալ, բարգաւաճիլ եւ տեւել: Դիրքապաշտական եւ էսթեպլիշմընթային թափահարումներ նպաստ պիտի չբերեն ազգի ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ ազդակներու կենսագործման:

Անսեթեւեթ պատասխան պէտք է տալ եւ պէտք է որ տան:

Առանց ճապկումներու պահանջելու առաքինութեամբ հրապարակ պիտի գա՞նք:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

26  օգոստոս 2011

Նախորդը

ՌՈՒԲԷՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ

Յաջորդը

ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՄԵԾԻՆ ՏԱՂԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.