
Rosblat.ru կայքը` վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Խրիմի թաթարներու խորհուրդի գործունէութիւնը արգիլելը թաթարները վախցնելու փորձ է, նաեւ` այդ ժողովուրդին միասնականութեան դէմ ուղղուած «վերջին քայլը»:
«Նախարարութիւնը ափսոսանքով կ՛ընկալէ եւ կը դատապարտէ ռուսական դատարանի` կազմակերպութեան գործունէութիւնը դատապարտելու մասին որոշումը: Խորհուրդը Խրիմի թաթարներու` օրինական ճամբով ընտրուած մարմինն է, որ ձեւաւորուած է ժողովրդավարական ճամբով` ազատ կամքի արտայայտման հիման վրայ, եւ այդպիսով կ՛արտայայտէ Խրիմի թաթարներուն կամքը», ընդգծած է նախարարութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ որոշումը յաւելեալ ապացոյց մըն է, որ թերակղզիի բնակիչներուն հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները կ՛ենթարկուին համակարգուած ճնշումներու:
«Թուրքիան մտադիր է շարունակել աջակցութիւնը Խրիմի թաթարներու օրինական պայքարին եւ այդ ճնշումներու վերացման», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Խրիմի Գերագոյն դատարանը Խրիմի թաթարներու խորհուրդը ճանչցաւ իբրեւ ծայրայեղական կազմակերպութիւն եւ արգիլեց անոր գործունէութիւնը Ռուսիոյ մէջ:


