
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ անդրադարձած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները մօտիկ ապագային պիտի չկարգաւորուին:
Ան նշած է, որ Թուրքիան Ռուսիոյ դէմ թշնամաբար տրամադրուած չէ, իսկ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները պատմական արմատներ ունին:
«Թուրքիան եւ Ռուսիան տնտեսական, առեւտրական, քաղաքական հարթակներուն վրայ մօտիկ դրացիներ են եւ ունին բարեկամական յարաբերութիւններ: Ըսած ենք, որ անցանկալի իրադարձութեան մը պատճառով ո՛չ Թուրքիան Ռուսիայէն, ո՛չ ալ Ռուսիան Թուրքիայէն պիտի հրաժարին», ըսած է Քուրթուլմուշ եւ Լաւրովի վերոնշեալ յայտարարութիւնը որակած «անյաջող»:
Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական գիւղատնտեսական ապրանքները Ռուսիա ներածելու արգելքներուն շուրջ թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ 26 ապրիլին Մոսկուայի մէջ ռուս-թրքական բանակցութիւնները, որոնց մեծ յոյս կը կապէր Անգարան, աւարտած են առանց հասնելու որեւէ արդիւնքի:


