«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ հայ երեսփոխաններ` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական միութենէն երեսփոխան Կարօ Փայլանն ու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Սելինա Տողանը մեկնաբանած են 24 ապրիլին Պոլսոյ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին կարդացուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնը: Անոնք բաւարար չեն նկատած այդ յայտարարութիւնը:
Փայլան նշած է. «Կարեւոր կը նկատեմ, որ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով պատարագ կը մատուցուի եկեղեցւոյ մէջ, սակայն երբ նախորդ տարի առաջին անգամ արարողութիւն կը կատարուէր, նախարար մը կը մասնակցէր, ներկայ երեսփոխաններ կային: Այս տարուան արարողութիւնը դիտելով կը նկատենք, որ ամէն բան կորսուած է: Ակնյայտօրէն կը տեսնենք, որ առերեսուելու կամքը սառեցուած է»:
Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ ճիշդ 24 ապրիլին Թուրքիոյ նախագահի հեծանիւի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ: «Անցեալ տարի ալ նախագահական պալատը Չանաքքալէի մէջ այլ ձեռնարկ մը կազմակերպած էր: Այս տարի հասկցան, որ ատիկա անհեթեթութիւն էր, եւ չկատարեցին, սակայն այս տարի ալ հեծանիւի մրցաշարք կազմակերպեցին: Աշխարհագրական այս տարածքին մէջ որեւէ հինգ անձերէն մէկը հայ էր, եւ ամէն հինգ հոգիէն մէկը ոչնչացուեցաւ…Այսօր վերածուած ենք փոքրամասնութեան», նշած է Փայլան:
24 ապրիլին հեծանիւի մրցաշարք կազմակերպելու փաստը զայրացուցած է նաեւ Սելինա Տողանին, որ նշած է, թէ երկու տարի առաջուան համեմատ այժմ, դժբախտաբար, իրենք խնդիրէն շատ հեռացած են: «Զատկուան տօնն ալ ստիպուած եղանք նշելու ապահովութեան միջոցառումներու գործադրութեան արտակարգ պայմաններու մէջ: Այսօր հանրապետութեան նախագահի հեծանիւի մրցաշարքի կազմակերպումին իբրեւ հետեւանք արգելակուած են մարդոց` եկեղեցւոյ մէջ ըլլալու թէ՛ բարոյական, թէ՛ ֆիզիքական կարելիութիւնները: Ասիկա իսկապէս կարեւոր խնդիր է… Տխրեցանք, այսպիսի օրով անրաժեշտ էր, որ այստեղ շատ աւելի մարդ ըլլար», նշած է Տողան` ընդգծելով, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ առերեսուելու առումով պարարտ հող չկայ: Ան յոյս յայտնած է, որ Թուրքիան առանց Հայաստանին նախապայմաններ ներկայացնելու քաղաքական քայլերու ձեռնարկէ, իսկ խորհրդարանին մէջ խնդիրը քննարկուի առողջ մթնոլորտի մէջ: