Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգելով Յիշատակը «Հայոց Մեծ Եղեռն»-ին. Օպամա. «Մենք Կանգնած Ենք Հայ Ժողովուրդի Կողքին»

April 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Obama_42216

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահին աւանդական յայտարարութիւնը:

«Այսօր հանդիսաւոր կերպով կ’ոգեկոչենք յիշատակը 20-րդ դարու առաջին զանգուածային վայրագութեան` Հայոց Մեծ եղեռնին, երբ մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանած, կոտորած եւ արտաքսած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն:

«Յարգելով 1915-ի մռայլ օրերուն տառապած մարդոց յիշատակը եւ յանձնառու ըլլալով սորվիլ այս ողբերգութենէն, որպէսզի անիկա երբեք չկրկնուի, յարգանքի տուրք կը մատուցենք նաեւ անոնց օգնութեան հասած մարդոց, որոնց շարքին էր Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուը, որ իր ձայնը բարձրացուց` փորձելով վերջ դնել բռնութեան: Նման ձայները, ինչպէս Մորկընթաուինը, կը շարունակեն կարեւոր ըլլալ վայրագութիւններու կանխարգիլման առումով:

«Ասիկա նաեւ հայ ժողովուրդին ճկունութիւնը գնահատելու պահն է: Մենք կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս հազարաւոր հայ տեղահանուածներ տասնեակ տարիներ առաջ նոր կեանքի սկսած են Միացեալ Նահանգներու մէջ` կազմելով կենսունակ ու զարգացած համայնք: Մենք շնորհակալ ենք նաեւ Հայաստանի ժողովուրդին` 17 հազար սուրիացի գաղթականներ ընդունելուն համար:

«Անցեալէն նայելով դէպի ապագայ, մենք կը շարունակենք կարեւոր նկատել պատմական յիշողութիւնը` իբրեւ կանխարգիլման միջոց, եւ կոչ կ’ուղղենք` փաստերու ամբողջական ու ազնիւ ճանաչման, ինչ որ պիտի ծառայէ բոլոր կողմերուն շահերուն: Ես հաստատօրէն յայտնած եմ անձնական տեսակէտս 1915-ին տեղի ունեցածին վերաբերեալ, եւ տեսակէտս չէ փոխուած:

«Մենք կ’ողջունենք տեսակէտները այն մարդոց, որոնք կը փորձեն նոր լոյս սփռել անցեալի մթութեան վրայ` հայ եւ թուրք պատմաբաններէն սկսեալ մինչեւ Ֆրանչիսկոս պապը:

«Այսօր մենք կանգնած ենք հայ ժողովուրդին կողքին` ամբողջ աշխարհի վրայ, յիշելով Մեծ Եղեռնի սարսափը եւ վերահաստատելով մեր աջակցութիւնը ժողովրդավար, խաղաղ եւ բարգաւաճող Հայաստանին», ըսած է Օպամա:

 

 

Նախորդը

«Կեանքի, Մահուան Եւ Իրաւունքի Պատմութիւն» Բնաբանով Ոգեկոչական Ձեռնարկին Ընթացքին «Ապրիլ 24-ը Օր Չէ… Անիկա Պատմութիւն Է» Ընդգծեց Սամիր Ժահժահ

Յաջորդը

Լաւրովը Կարեւոր Նկատած Է 5 Տարի Առաջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւններու Կեանքի Կոչումը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.