Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Բանակին Մէջ Կռուող Թալիշները Արցախի Կռիւը Իրենց Պատերազմը Չեն Համարեր

Ապրիլ 16, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

v6_41316

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Արցախ-Ազրպէյճան սահմանին քառօրեայ պատերազմը Պաքուի մէջ շարք մը հարցերու պատասխան տուած է: Այս պատերազմն ու ատոր յաջորդած արձագանգները բացայայտած են ոչ միայն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու տկար կողմերն ու ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու ներգրաւուածութիւնը զինեալ ուժերուն, այլ նաեւ այն իրողութիւնը, որ առաջին գիծի վրայ կռուող տղոց գերակշիռ մասը ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ են` առանց յատուկ պատրաստութեան, մարտական ոգիի կամ հայրենիքի նկատմամբ թէկուզ նուազագոյն յարգանքի: Առաջին գիծին վրայ բացառապէս ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներ ըլլալը նախ կը խօսի Ազրպէյճանի մէջ ոչ թափանցիկ զօրակոչի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան` իբրեւ պետական համակարգի փտածութեան, նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններէն ձերբազատուելու պետական լուրջ ծրագիրներու մասին: Ակնյայտ է, որ այս մարտական գործողութիւններով Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը փորձէր մէկ անգամով երկու հարց լուծել` առաջին գիծին վրայ պայքարիլ հայերուն դէմ ու երկիրը ազատել ազգային փոքրամասնութիւններէն` յատկապէս լեզկիներէն եւ թալիշներէն: Հետաքրքրական է նաեւ այն հանգամանքը, որ ոչ բոլոր թալիշները կ՛ուզեն պատերազմիլ կամ անոնք ոչ բոլորը հայերը կը նկատեն թշնամի:

«Ասիկա մեր պատերազմը չէ», ասիկա թալիշներու ազգային պատկերասփիւռի կայանէն հեռարձակուած յայտագիրին անունն է:  «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ աւելի քան մէջ ժամ տեւողութեամբ հաղորդման ժամանակ մեկնաբանը կ՛անդրադառնայ ապրիլին Արցախ-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն եւ այդ գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներուն: Հաղորդման ընթացքին մեկնաբանը կը շեշտէ, որ պատերազմի ժամանակ ազրպէյճանական կողմը կրած է լուրջ կորուստներ` թէ՛ սպառազինական, թէ՛ ալ մարդկային: «Այդ զոհերու մէջ շատ են մեր եղբայրները` թալիշները: Ինչպէս նախորդ պարագաներուն ընթացքին, այս անգամ եւս թալիշ զինուորները առաջին գիծի վրայ են: Անոնք ստիպուած են ենթարկուիլ բռնակալի հրամաններուն եւ զոհուիլ այլոց շահերուն համար», կ՛ըսէ մեկնաբանը եւ ցաւով կը փաստէ, որ թալիշները իրենց կեանքը կը զոհեն Ալիեւի պարտուած ծայրայեղականութեան համար` չհասկնալով, որ այդ ձեւով կ՛աջակցին սեփական թշնամիին:

Հաղորդումը համացանցի վրայ լուրջ քննարկումներու նիւթ դարձած է: Բազմաթիւ թալիշներ պատկերասփիւռի կայանի «Եութիուպ»-ի էջին վրայ մեկնաբանութիւններ ձգած են` խնդրելով հաղորդումի հեղինակէն յայտագիր պատրաստել նաեւ այն մասին, թէ ազրպէյճանցիները իրենց հետ ինչպէս վարուած են արցախեան պատերազմին ընթացքին: Բազմաթիւ թալիշներ ներողութիւն խնդրած են, որ իրենց զինակիցները դիրքերուն վրայ կռուած են հայերուն դէմ` շեշտելով, որ անոնք ընդամէնը կ՛ենթարկուէին Ալիեւին եւ հայերը թշնամի չեն նկատեր: Այս առնչութեամբ հետաքրքրական են նաեւ ազրպէյճանցիներու մեկնաբանութիւնները. օրինակ, մէկը կ՛ըսէ. «Եթէ Ազրպէյճանի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններուն հաճելի չէ կեանքը Պաքուի մէջ, թող իրենք եւս հեռանան: Իրենց ոչ ոք կը ստիպէ ապրիլ մեզի հետ»: Կամ միւսը. «Տխմարներ, կը կարծէ՞ք հայերը ձեզի հետ աւելի լաւ պիտի վարուին, որ այս պահուս զանոնք կը պաշտպանէք»:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութենէն Կը Պահանջեն Յայտնել Սեփական Կորուստներուն Յստակ Թիւը

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Զինուորական Կոմիտէի Նիստը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?