Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Պոլսոյ մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ նստաշրջանի ժողովին ծիրին մէջ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ շրջանային տարակարծութիւններն ու հարցերը պէտք է լուծել երկխօսութեան ու բանակցութեան ճամբով եւ առանց օտար միջամտութիւններու` շեշտելով, որ պէտք է կեդրոնանալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադուլի յարատեւման ջանքերուն վրայ: