Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Եռեակը Կոչ Ուղղած Է Խստօրէն Պահպանելու Զինադուլը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ

April 14, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

OSCE_41316ԵԱՀԿ-ի եռեակի (կազմակերպութեան մէջ նախկին նախագահող երկիր Սերպիա, ներկայ նախագահող Գերմանիա եւ յաջորդ նախագահող Աւստրիա) արտաքին գործոց նախարարներու Պերլինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ նախարարներ Իվիցա Տաչիչ, Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր եւ Սեպասթիան Քուրց կողմերուն կոչ ուղղած են` դադրեցնելու բռնութիւնները եւ խստօրէն պահպանելու զինադուլը: Անոնք անգամ մը եւս ընդգծած են, որ տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ:

«Անոնք համաձայնած են, որ լարուածութեան մեղմացումը եւ քաղաքական հոլովոյթի սկիզբը խիստ կարեւոր են: Անոնք նաեւ ողջունած են Մինսքի խմբակի` 5 ապրիլի յայտարարութիւնը եւ ընդգծած, որ լիովին կ՛աջակցին խմբակին ու անոր համանախագահներուն ջանքերուն», ըսուած է ԵԱՀԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Եռեակը պիտի շարունակէ ուշադիր կերպով հետեւիլ զարգացումներուն եւ յառաջ մղել քաղաքական հոլովոյթը: ԵԱՀԿ-ի եռեակի հանդիպումին մասնակցած է նաեւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զաննիեր:

Միւս կողմէ, նշենք, որ երեքշաբթի օր Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպեր այս շաբաթ պիտի այցելէ շրջան:

 

 

 

Նախորդը

Սթոքհոլմի Մէջ Զօրակցական Ցոյց` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Նախայարձակումին

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Քննարկումներու Ընթացքին Դատապարտուեցաւ Ազրպէյճանի Կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Առաջարկներու Մերժումը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.