Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Օրէնսդիրները Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումները Դատապարտող Յայտարարութիւն Մը Հրապարակած Են

Ապրիլ 14, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sisilin-Langevine-Rid_41316

«Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ նահանգէն քոնկրեսականներ Տէյվիտ Սիսիլին եւ Ճէյմս Լանկեւին, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Ճեք Ռիտ դատապարտած են Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութեան վերջին սրացումներով: Հայերուն դէմ այս յարձակումները լիովին անընդունելի են եւ հարցականի տակ կը դնեն անկեղծութիւնը, որով Ազրպէյճան մօտեցած է խաղաղ բանակցութիւններու սեղանին: Զինուորական գործողութիւնները պէտք է դադրեցուին, երկու կողմերն ալ պէտք է վերադառնան բանակցային հոլովոյթին` աշխատելու տեւական եւ կայուն համաձայնագիրի ուղղութեամբ», կ՛ըսուի ծերակուտական Ռիտի յայտարարութեան մէջ:

Ներկայացուցիչներու տան Զինեալ ուժերու յանձնախումբի անդամ, քոնկրեսական Լանկեւին եւս դատապարտող յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած է. «Խորապէս մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող տագնապով, որ կը սպառնայ ոչ միայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան, այլ նաեւ ընդհանուր առմամբ շրջանի անվտանգութեան: Զինադուլի այս ակնյայտ խախտումը, որ քաղաքացիական եւ զինուորական անձերու մահուան պատճառ դարձաւ, ոչ միայն վտանգաւոր է, այլ նաեւ անխոհեմ: Ազրպէյճանի յարձակումը եւ հռետորաբանութիւնը պէտք է հանգստացուի անմիջապէս, որպէսզի տագնապի երկու կողմերն ալ կարենան յարգել զինադուլի դրութիւնը եւ միասին աշխատիլ խաղաղութեան հասնելու համար»:

Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Տէյվիտ Սիսիլին` անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ արձակազէններու օգտագործման, նշած է. «Ասիկա միջազգային իրաւունքի եւ զինադուլի համաձայնագիրի անմիջական խախտում է»:

«Խորապէս մտահոգուած եմ Ղարաբաղի մէջ պայքարի վերսկսումով եւ յոյսով եմ, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի կարենան վերականգնել խաղաղութիւնը: Խստիւ կը դատապարտեմ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ արձակազէններու օգտագործումը», ըսած է Սիսիլին:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Պետը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Դէմ Յարձակումին Մասին

Յաջորդը

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը Պիտի Քննարկէ 2 Յունիսին

RelatedPosts

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»
Հայկական

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?